Ամանորի Շնորհաւորանքներ Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուած Սպաներու Երեխաներուն

«Սպայի մայրեր» հասարակական կազմակերպութիւնը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած սպաներու երեխաներուն ամանորեան տօներուն առթիւ անակնկալ մատուցեց: Ծրագիրը կոչուեցաւ «Ամանորի նամակ հերոսի որդուն»: Զոհուած սպաներու երեխաներու նամակները տեղադրուած են ֆէյսպուքեան էջերուն վրայ, ուր տեղադրուած էին անոնց ամանորեան ցանկութիւնները` ուղղուած Ձմեռ պապին:

Կազմակերպութեան նախագահ Հռիփսիմէ Բասենցեան նշեց, որ այդ գեղեցիկ ձեռնարկին միացած են հայ երգարուեստի աստղեր, հաղորդավարներ, առաջին ընթացքը տուին երգիչ Անտրէն, Արսէն Գրիգորեանը, Գարիկ Պապոյեանը, ԱՄՆ-էն միացաւ Վարդուհի Ալեքսանեանը, կան մշակոյթի ներկայացուցիչներ Մոսկուայէն` պարուհի Մարինէ Մարտիրոսեանը, Լիբանանէն, Թեհրանէն, այսպէս ունեցանք թիւով 33 շնորհաւորական նամակ: Երեխաներուն աւելի շատ կը հետաքրքրէին ոչ թէ նուէրները, այլ թէ ով կը շնորհաւորէ իրենց: «Ծրագիրը շարունակական է, եղան դրամական փոխանցումներ, որոնց շնորհիւ հնարաւոր եղաւ, որ այսօր այցելենք նաեւ զօրամասեր, մարտական դիրքեր, ուր տեղադրուած են քառօրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներու` Ռոբերտ Աբաջեանի, Արմէնակ Ուրֆանեանի, Քեարամ Սլոյեանի յիշտակին կանգնեցուած խաչքարերը: Ես շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին ու աջակցեցան մեզի»,-aparaj.am-ի փոխանցմամբ` նշեց կազմակերպութեան նախագահը: Ձեռնարկը կայացաւ ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի գրասենեակին մէջ:

Scroll Up