ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Յունուար 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական ընդլայնուած խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցեցան նախարարի տեղակալները, աշխատակազմի ղեկավարը, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք» ՊՈԱԿ-ի ղեկավարները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին 2017թ. նախատեսուած ծրագիրներն ու ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ` Արցախին աջակցելու նպատակով համայնքներուն հետ իրականացուելիք աշխատանքները, քանի որ 2017 թուականը յայտարարուած է Արցախի տարի:
Նշուեցան ՀՀ կառավարութեան 2017 թուականի այն գերակայ խնդիրներու լուծման ուղղուած քայլերն ու ձեռնարկները, որոնց պատասխանատուն Սփիւռքի նախարարութիւնն է:
Նախարարը կարեւոր համարեց համահայկական մասնագիտական նոր ընկերակցութիւններու ստեղծումը:
Տրուեցան յանձնարարականներ: Նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: