Հայ-Ուրուկուէյական Քաղաքական Խորհրդակցութիւններ Երեւանի Մէջ

Նոյեմբեր 15-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կայացան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ: Խորհրդակցութիւններուն հայկական կողմը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեանը, իսկ ուրուկուէյական կողմը` արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Լուիս Պորտօն:

Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներու միջեւ առկայ ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ քաղաքական  երկկխօսութեան բարձր մակարդակի առիթով:

Կարեւոր համարուեցաւ առեւտրատնտեսական, մշակութային, զբօսաշրջային, մարզական եւ այլ բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը, գործարար համաժողովներու եւ մշակութային օրերու կայացումը: Քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներ, ընդգծուեցաւ միջազգային կառոյցներու մէջ փոխգործակցութեան, իրաւապայմանագրային դաշտի ամբողջացման կարեւորութիւնը: Երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ մուտքի արտօնագիրներու պահանջի վերացումը էապէս կը նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւններու աշխուժացման:

Խորհրդակցութիւններու ծիրէն ներս ՀՀ եւ Ուրուկուէյի ԱԳ փոխնախարարները փոխանակեցին  Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան կառավարութիւններու միջեւ ներդրումներու խրախուսման եւ փոխադարձաբար պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրի ուժի մէջ մտնելու վերաբերեալ վաւերագիրները: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Scroll Up