Աւստրալահայ Քաղաքագէտ Սասուն Գրիգորեանը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յունուար 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Աւստրալիոյ հայկական ազգային կոմիտէի խորհուրդի անդամ, քաղաքագէտ, ընկերակցական յարաբերութիւններու մասնագէտ եւ eBay-ի Ասիական-խաղաղ Ովկիանոսեան մասի հանրային քաղաքականութեան ղեկավար Սասուն Գրիգորեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց աւստրալահայ քաղաքական գործիչի աշխոյժ դիրքորոշումը ազգային փոքրամասնութիւններու շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ` հայկական համայնքային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ վերջին տարիներուն իրականացուցած աշխատանքը: Ան մասնաւորապէս նշեց.«Ես տեղեակ եմ Ձեր հայանպաստ գործունէութեանը, ձեր առաջարկներին: Կարծում եմ, որ ժամանակն է Սփիւռքը վերակազմակերպել մասնագիտօրէն, ստեղծել նոր մասնագիտական ընկերակցութիւններ:Այդ նպատակն ունեն մասնագիտական համաժողովները:Կարեւոր է ծրագիրը ճիշտ կազմել, թեմաները ճիշտ ընտրել եւ լաւ կազմակերպել: Մասնագիտական համահայկական համաժողովների արդիւնքում արդէն կազմաւորուել են Ճարտարապետների ասոցացիան, բժիշկների, սրտաբանների, լրագրողների, ֆինանսիստների, բանկիրների, իրաւաբանների ընկերակցութիւնները, Հայկական առեւտրային ցանցը»:
Սասուն Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, շեշտեց, որ արդէն երկրորդ անգամ կ’այցելէ Հայաստան, պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի աշխոյժ համագործակցելու նախարարութեան հետ, մասնակցելու համահայկական համաժողովներուն ու նախարարութեան ծրագիրներուն: Ան նախարարին նուիրեց իր վերջին գիրքը, ուր արծարծուած են Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպման եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ աշխատանքի նրբութիւնները եւ տրուած են գործնական առաջարկներ:

Scroll Up