World Vision Armenia Կազմակերպութեան Հերթական Ձեռնարկը Սուրիահայերու Համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/Untitled3-1024x764.jpg)
Այսօր կը լրանայ World Vision Armenia կազմակերպութեան հայաստանեան գործունէութեան 25-ամեակը: Կազմակերպութիւնը բազմաթիւ ծրագիրներ կ’իրականացնէ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ:
Արդէն մի քանի ամիս է` World Vision Armenia կազմակերպութիւնը կը համագործակցի նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի հետ եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայ ընտանիքներուն:
Հերթական նախաձեռնութիւնը հագուստի տրամադրումն էր, որու բաշխումը այսօր իրականացուեցաւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի մէջ:
Կազմակերպութիւնը կեդրոնին տրամադրած է երեխայի, տղամարդու, կնոջ 1100 կտոր հագուստ` ձմեռնային եւ մարզական կօշիկներ, տաբատ, շապիկ եւ այլն:
Ինչպէս նշեց «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի ղեկավար տիկին Լենա Հալաջեան, հագուստի բաշխումը կատարուած է ըստ կարիքաւորիներու. ամէն անձի պիտի յատկացուի մէկ կտոր, որպէսզի բոլոր կարիքաւորները կարենան օգտուիլ:
Ինչպէս նշեցինք, սա «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի եւ World Vision Armenia կազմակերպութեան առաջին համագործակցութիւնը չէ: Անցեալ ամառ կազմակերպութիւնը նախադպրոցական տարիքի 60 երեխայի համար Օհանեան մանկապարտէզին մէջ դասընթացք կազմակերպած էր: Իսկ շուրջ 60 երեխայ կազմակերպութեան օժանդակութեամբ երկշաբաթեայ ամառնային հանգիստ իրականացուցին Աղաւնաձորի մէջ:
«Շատ գոհ ենք World Vision Armenia կազմակերպութենէն: Շատ յատկանշական է փոխվստահութեան պահը, եւ յոյսով ենք, որ մեր համագործակցութիւնը կը շարունակուի»,- նշեց տիկին Լենա Հալաջեան: