ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Հայաստանեան Գրասենեակի Ներկայացուցիչը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Դեկտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրուիրթը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով հիւրը` կարեւոր համարեց սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կազմակերպութեան իրականացուցած աջակցութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ նախարարաութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը:
Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայերու զբաղուածութեան, մասնագիտական վերապատրաստման եւ բնակարանային խնդիրներուն:
ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչը հանգամանօրէն ներկայացուց տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքը, համոզուածութիւն յայտնեց, որ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի: Ան կարեւոր նկատեց միջազգային ասպարէզներուն մէջ սուրիահայերու խնդիրներու պատշաճ ներկայացումը` հանրութեան ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան ուղղելու համար: