Մեծարանք՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Նախկին Տնօրէն Վարդգէս Նալպանտեանի

Քարէն Եփփէ ճեմարանի Լոս Անճելըսի ընկերակցութեան տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Դեկտեմբերին, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան սրահէն ներս: Վարչութեան միակ հասութաբեր ձեռնարկը նկատուող սոյն միջոցառման կը մասնակցին հին ու նոր ճեմարանականներ, որոնք պարբերաբար կը կազմակերպեն որոշ տարուան մը շրջանաւարտներու վերահանդիպումներ, ինչպէս եղաւ այս տարի 1966ի շրջանաւարտներու պարագան, որոնք տօնախմբեցին իրենց շրջանաւարտութեան յիսնամեակը եւ հատեցին այդ առթիւ պատրաստուած կարկանդակը: Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք յիշել, որ ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակը եղած է միշտ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնիլ Ճեմարանի ուսանողութեան եւ յաջողած է դառնալ գլխաւոր նուիրատուներէն մէկը այդ հայաբոյր ամրոցին:
Այս տարի որոշուած էր պատուել Ճեմարանի նախկին տնօրէն եւ այժմ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը վարող Վարդգէս Նալպանտեանը, զոր ներկայացուց իր երբեմնի պաշտօնակից Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեանը:
Ան ըսաւ. «Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանի Լոս Անճելըսի ընկերակցութիւնս գեղեցիկ աւանդոյթ մը ստեղծած է՝ տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ ի մի բերելու եւ մեծարելու ժամանակակից տնօրէններ, որոնք մօտէն առնչուած են մեր շատ սիրելի Ճեմարանի կեանքին եւ որոշիչ դեր ունեցած անոր երփնագրումին մէջ»:
Ան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ այսօր շատերուն հոգեկան ծննդոցը եղող երազային Հալէպը ամայացած է, իսկ Ճեմարանը հարուածուած է հրթիռներու կամ այլ հրասանդերու մարտկոցներէն: Այնուամենայնիւ, շատեր տակաւին անքակտելի կապեր ունին այդ կիսափուլ քաղաքին հետ, հարազատներու եւ արեան ճամբով, անբաժան յիշատակներու եւ ապրումներու ընդմէջէն:
Ապա անդրադառնալով օրուան մեծարեալին՝ Ծովինար Մելքոնեան ըսաւ. «Այսօր մեր մէջ կը գտնուի Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ շուրջ տասնամեակ մը անոր ծառայած տնօրէն պրն. Վարգէս Նալպանտեանը, նախ՝ որպէս խնամակալ մարմինի անդամ, ապա՝ ստանձնելով տնօրէնի պաշտօնը, 1988-1997 տարիներուն: Պրն. Վարդգէս իր երկրորդական ուսումը ստացած էր Քարէն Եփփէ ճեմարանէն եւ աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումը՝ շարունակած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, հետեւելով երկրաչափական ճիւղին, Cal Poly համալսարանէն ներս: Համալսարանը աւարտելէ ետք, վերադարձած էր Հալէպ եւ երկրաչափական աշխատանքներուն կողքին պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած ազգային կեանքէն ներս, իբրեւ ազգային երեսփոխան, ինչպէս նաեւ՝ կուսակցական այլ պարտականութիւններ: Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ստանձնած տարիներուն, հոն նկատուած է աշակերտութեան թիւի զգալի աճ եւ որակային յարաճուն վերելք»:
Ան նշեց, որ Նալպանտեանի տնօրինութեան օրերուն, Ճեմարանէն ներս հաստատուեցաւ գրական Պաքալորիայի բաժինը՝ գիտականին կողքին: Նաեւ, իր օրերուն հաստատուեցաւ երեկոյեան դասընթացքներու համակարգը, հրատարակուեցաւ Ճեմարանի յիսնամեակին նուիրուած յուշամատեանը, որ կը պարփակէ տնօրէններու եւ ուսուցիչներու վկայութիւններ, աշակերտական յուշեր, դէպքեր եւ դէմքեր:
Ծովինար Մելքոնեան աւելցուց, որ Վարդգէս Նալպանտեան Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանէն ներս փոխտնօրէնի պաշտօնը ստանձնեց՝ հաւատարիմ մնալով իր կոչումին եւ շուրջ քսան տարուան վաստակ մըն ալ ձեռք ձգելով այս գաղութին մէջ։
Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ ընթերցելով Ճեմարանի յուշամատեանին մէջ արձանագրուած Վարդգէս Նալպանտեանի հետեւեալ խօսքերը. «Ճեմարանը սոսկ դպրոց մը եղած չէ մեզի համար, այլ՝ ազգակերտումի ու հայակերտումի յորդահոս աղբիւր, ուրկէ հոսած է միայն ու միայն հայութի՛ւն, վաւերակա՛ն հայութիւն եւ ամբողջակա՛ն հայութիւն»:
Այնուհետեւ, իր սրտի խօսքը արտասանեց օրուան մեծարեալը՝ Վարդգէս Նալպանտեանը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի Քալիֆորնիոյ շրջանաւարտից միութեան, որ այս տարուան ձեռնարկը նուիրած էր 1988-1997 տարեշրջաններու տնօրէնութեան, ապա նշեց, որ թէեւ 69 տարիներ անցած են Ճեմարանի հիմնադրութենէն, սակայն մինչեւ այսօր, հազարաւոր ճեմարանականներ, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, ջերմօրէն փարած են Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանին: Այսօր, Հալէպի մէջ, ճեմարանականները կեցած են պատնէշի վրայ, պաշտպանելու համար հալէպահայութիւնը եւ հայկական կառոյցները՝ յոյս ներշնչելով հալէպահայութեան, որ կառչած մնայ սուրիական հայրենիքին: Ան ըսաւ. «Ճեմարանը Ճեմարան դարձաւ ո՛չ իր շէնքով, ո՛չ ալ իր կրթական ծրագիրով, այլ՝ այն հաւատքով ու իտէալներով, զորս ան փոխանցեց իր սերունդներուն»:
Նալպանտեան յորդորեց բոլոր ճեմարանականները, որ միշտ բարձր պահեն մեսրոպաշունչ այդ տունը, որպէսզի անիկա միշտ մնայ ազգային արժէքներ ու ձգտումներ ճառագայթող կեդրոն մը: Ան յիշեցուց, որ մենք այսօր կը գտնուինք մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական մէկ հանգրուանին՝ տագնապներով լեցուն եւ նոր անորոշութիւններով շրջապատուած, հետեւաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի, Ճեմարանը, ճեմարանականները եւ հալէպահայութիւնը պէտք ունին ոչ թէ խօսող եւ քննադատող, այլ մտահոգուող եւ գործունեայ մարդոց:
Իր խօսքի աւարտին, Ճեմարանի նախկին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց կրթական բոլոր մշակներուն, տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն, պաշտօնէութեանց եւ դաստիարակներուն, որոնք իրենց աշխատանքով ու տեսիլքով պատրաստեցին եւ տակաւին կը պատրաստեն սերունդներ. նաեւ՝ Ճեմարանի խնամակալութեան կազմերուն, Քալիֆորնիոյ եւ Հալէպի շրջանաւարտից միութիւններու զոյգ վարչութեանց, որոնք տարիներ շարունակ, բարոյապէս եւ նիւթապէս օգտակար եղած են Ճեմարանին: Ան յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանին եւ ներկայ առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, որոնք իրենց հայրական թելադրանքներով ու ներկայութեամբ կանգուն պահած են Ճեմարանը, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ բարոյապէս եւ նիւթապէս օգտակար դարձաւ SARF-ի աշխատանքներուն:
Վերջապէս, ան երախտագիտական խօսք ուղղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին, որ յատուկ կարգադրութիւններով օժանդակեց սուրիահայ ուսանողներուն եւ հիմնական ողնասիւնը եղաւ SARF-ի տարած աշխատանքներուն։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: