«Դարձեալ Սկսիլ». «Սփիւռքի Նախարարութիւնը Միշտ Կը Հետաքրքրուի Մեզմով»

Սուրիահայ Անի Արթենեան 4 տարի առաջ  եկած է Սուրիայէն ու հաստատուած Հայաստանի մէջ: Թէեւ արդէն ունի հիմնական աշխատանք (Երեւանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ իբրեւ խոհարար կ’աշխատի), այնուամենայնիւ, կը շարունակէ զբաղիլ նաեւ իր սիրելի զբաղմունքով` ուլունքագործութեամբ եւ իր պատրաստած զարդերն ու յուշանուէրները կը ներկայացնէ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած ցուցահանդէս-տօնավաճառներուն:

«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ իր փոքրիկ տեսահարցազրոյցը  «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառի մասնակիցներէն եւս մէկուն հետ:

 

Scroll Up