Մենք Ամէն Ինչով Պիտի Աջակցինք Բոլոր Այն Ծրագիրներուն, Որոնք Ուղղուած Պիտի Ըլլան Սուրիահայերուն` Հայաստանի Մէջ Մնալուն. ՀՀ Վարչապետ
ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Դեկտեմբեր 15-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներ ներկայացնող խումբ մը սուրիահայ գործարարներ` զանոնք յուզող հարցերը լսելու եւ լուծման տարբերակները քննարկելու նպատակով: Հանդիպման ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան եւ Նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն կառավարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակէն։
Սուրիահայ գործարարները անդրադարձած են տնտեսական համարկման խնդիրներով զբաղելու համար ստեղծուած «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան գործունէութեան, տեղական արտադրութեան խթանման ու արտածման, վարկաւորման, օրէնսդրական դաշտին վերաբերող, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր:
«Մենք ամէն ինչով պիտի աջակցինք բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան սուրիահայերուն` Հայաստանի մէջ մնալուն: Դուք մշակոյթ փոխած էք Երեւանի մէջ, գործառոյթի, ծառայութիւններու մարզերուն մէջ, եւ ձեր կայացումը մեզի համար չափազանց կարեւոր է», հաստատած է Կարէն Կարապետեան:
Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ պետութիւնը պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերելու սուրիահայ գործարարներուն` յորդորելով զանոնք իրենց գործարարական ծրագիրներն ու առաջարկները ներկայացնել Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւն: Բարձրացուած շարք մը հարցերու առնչութեամբ վարչապետը յանձնարարականներ տուած է համապատասխան նախարարութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած սուրիահայ գործարարներուն հետ քննարկելու անոնց գործարարութեան զարգացման վերաբերող որեւէ առաջարկ: