Հելսինքի ՄԷջ Տեղի Ունեցած Է ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Հոկտեմբեր 2-ին Հելսինքի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆինլանտա-Հայաստան ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ` նուիրուած ՀՀ անկախութեան 25 ամեակին: Ձեռարկին ներկայ էին շուրջ 60 հիւրեր` ինչպէս հայեր, այնպէս ալ Հայաստանով հետաքրքրուած ֆիներ եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմաբ` ձեռնարկին մասնակցած հիւրերէն ամէն մէկը իր դրական տրամադրուածութեամբ առաւել հաճելի դարձուց այս գեղեցիկ տօնը: Ձեռնարկը բացուեցաւ ՀՀ օրհներգով, իսկ Ֆինլանտա-Հայաստան ընկերակցութեան նախագահ Ֆէտի Գասապը իր բացման խօսքին մէջ նշեց այս տօնի կարեւորութիւնը համայն հայութեան համար:
Սրահին մէջ կազմակերպուած էր մանկական ցուցահանդէս` «Հայրենիքն` իմ աչքերով» խորագիրով: Երեխաներուն նկարնէրը սրահին հաղորդեցին տօնական տեսք: Ձեռնարկին ժամանակ ցուցադրուեցաւ CNN-ի “On the roads of Armenia” ֆիլմը, ինչպէս նաեւ Մարտին Պոյաճեանի «Հայաստանեան ակնթարթներ» լուսանկարներու շարքը:
Էսթոնիայէն հրաւիրուած հայ երաժիշտներ Մարգարիտա Ոսկանեան եւ Արա Հարալեան իրենց գեղեցիկ նուագով ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին եւ հիւրերուն մտովի տեղափոխեցին Հայաստան: Իսկ մեր հայրենակիցները հիւրերուն համար պատրաստեցին համեղ տոլմա եւ ցուցաբերեցին բացառիկ պատրաստակամութիւն` աջակցելու բոլոր կազմակերպչական հարցերուն: