Մեծաշուք Տօնախմբութիւն Լոնտոնի Մէջ` Նուիրուած ՀՀ Անկախութեան Հռչակման 25-րդ Տարեդարձին

Սեպտեմբեր 21-ին Լոնտոնի Իլինկ Թաուն Հոլին մէջ Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի եւ Լոնտոնի ԹՄՄ նախաձեռնութեամբ կայացաւ մեծաշուք տօնախմբութիւն` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Թէքէեան կեդրոնէն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտիոյ հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Արմէն Լիլոյեան, դեսպանութեան այլ ներկայացուցիչներ, ՄԹ-ին  Կիպրոսի դեսպան Է.Էւրիւիադես, ՄԲ խորհրդարանական Ս.Փաունտը, դիւանագէտներ, հոգեւորականներ, հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բրիտանացիներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի պատուաւոր քարտուղար Վարդան Ուզունեան: Շնորհաւորելով համայն հայութիւնը անկախութեան 25-ամեակին առթիւ, ան պատմական ակնարկ կատարեց դէպի 1990-ականներ, արձանագրելով Հայաստանի դէպի անկախութիւն տանող դժուարին, բայց յաղթական ուղին: Վ.Ուզունեան անդրադարձաւ նաեւ Թէքէեան Հիմնադրամի եւ ԼԹՄՄ քառասնամեայ մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան` ի նպաստ հայ ինքնութեան պահպանման, մշակոյթի զարգացման ու տարածման, Հայրենիքին օգտակար ըլլալու գործին:

Ձեռնարկի մասնակիցներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպանորդ Արմէն Լիլոյեան անդրադարձ կատարեց անկախութեան 25 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի անցած ճանապարհին` լի ձեռքբերումներով եւ փորձութիւններով, վերելքներով եւ մարտահրաւէրներով: Ան նշեց, որ անկախ Հայաստանի կայացման գործին մէջ մեծ աւանդ ունի Սփիւռքը, առանց որուն օժանդակութեան եւ անմիջական աշխոյժ մասնակցութեան անհնարին կ’ըլլային նուաճումները: Համայն հայութիւնը իր պայքարին եւ ջանքերուն շնորհիւ այսօր ունի անկախ Հայրենիք, եւ այդ գաղափարին շուրջ պէտք է շարունակել միաւորուած ըլլալ եւ նորովի ձեռնամուխ ըլլալ Հայաստանի զարգացման, ամրապնդման ու բարգաւաճման գործին:

Տօնական ձեռնարկը շարունակուեցաւ մշակութային ծրագիրով, որուն նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էին դեռ տարուան սկիզբը: Համերգը մեկնարկեց նորաստեղծ «Բատիկեան» լարային քառեակի` Կոմիտասի եւ Ա.Խաչատրեանի ստեղծագորխութիւններու կատարումով: Երիտասարդ երաժշտահան, դաշնակահար Քրիստինա Առաքէլեանը կատարեց Ս.Ջրբաշեանի «Թոքաթան» եւ Ա.Բաբաջանեանի «Էքսփրոմտը»: Է.Աբրահամեանի «Ախ, ինչ լաւ են սարի վրայ» եւ Ա.Յարութիւնեանի «Երգիր ինձ համար» երգերով հանդէս եկաւ թենոր Սիփան Օլահ: Յատկանշական էր անուանի ջութակահարուհի Անի Բատիկեանի կատարմամբ Ղ.Սարեանի «Արիան» եւ երաժշտահան Կ.Առաքէլեանի` յատուկ այս համերգին համար գրուած «Ֆանթազիա հայկական թեմայով» ստեղծագործութեան անդրանիկ ելոյթը. դաշնամուրային նուագակցութեամբ հանդէս եկաւ հեղինակը` Կ.Առաքէլեան: Մեցօ-սոփրանօ Անայիս Հեղոյեան կատարեց Ա.Աճեմեանի «Արաքս գետը» եւ Վ.Գոտոյեանի «Երեւան» երգերը: Վաստակաշատ դերասանուհի, Մովսէս Խորենացիի մետալի եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալի արժանացած Ժենիա Ներսիսեան ասմունքեց հատուածներ Հ.Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութենէն: Համերգի առաջին մասը եզրափակուեցաւ Ա.Աճեմեանի «Իրիկնային Երեւան» երգով, որուն փոխադրումը կատարած էր Սիփան Օլահը Ա.Բատիկեանի /ջութակ/, Ս.Օլահի /թենոր/, Ա.Հեղոյեանի /մեցօ-սոփրանօ/, Կ.Առաքէլեանի /դաշնամուր/ համար:

Համերգային ծրագիրին երկրորդ մասը սկսաւ Լոնտոնի «Ախթամար» պարային համոյթի ելոյթով /գեղ. Ղեկավար` Ա.Զաքարեան/: 18 հոգիէ բաղկացած երիտասարդներու խումբը իր կատարողական արուեստով ներկայացուց յայտնի «Բերդ», «Կռունկներ», «Ղարաբաղ», Ա.Սպենդիարեանի «Էնզելի» պարերը:

Երաժշտական երեկոն շարունակեց Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբը /նախագահ` Վ.Ուզունեան/, որ իր բարձր որակներով հիացուց ներկաները: Երգչախումբի համահիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սիփան Օլահը դաշնակահարուհի Էլլա Պապայեանի հետ 8 ամիս շարունակ կը պատրաստէին երգչախմբը այս կարեւոր երեկոյին: «Կոմիտաս»-ի 30 երգիչները համահունչ կատարեցին Ա.Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայիէն հատուածներ, Ա.Տոլուխանեանի «Երեւանի գիշերներ» եւ Կոմիտասի «Խումար» երգերը: Ա.Աճեմեանի «Ծաղկած բալենի» երգը համերգի անակնկալներէն մէկն էր: Ս.Օլահի այս երգի փոխադրումը կատարեցին «Կոմիտաս» երգչախումբը` մենակատար սոփրանօ Հայարփի Եղիկեանի եւ «Ախթամար» համոյթի համատեղ ելոյթով: Ս.Շաքարեանի «Հայկական ժողովրդական երգերը» /փախադրումը` Ս.Օլահի/, կատարեցին «Կոմիտաս» երգչախումբը եւ Անի Բատիկեանը /ջութակ/: Ս.Լուսիկեանի «Ազատ Հայաստան» երգը յուզեց թէ հայ, թէ  բրիտանացի հանդիսատեսը Լ.Հայրապետեանի կողմէ իր անգլերէն թարգմանուած հատուածով: Համերգային ծրագիրը եզրափակուեցաւ «Կոմիտաս» երգչախումբի կատարմամբ Է.Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ» երգով, որուն վերջին ակորդները հանդիսատեսը ընդունեց մեծ ցնծութեամբ եւ բարձր ծափահարութիւններով:

Ձեռնարկին Լիանա Հայրապետեան ընթերցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ նախարարը բարձր գնահատեց տարիներ շարունակ բրիտանահայ համայնքի ունեցած դերը անկախ Հայաստանի զարգացման եւ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ: «Մեր ժողովրդի վերջին դարերում ունեցած ամենամեծ ձեռքբերումը մեր երկու հայկական պետութիւններն են` ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Հայրենիքը կերտողները հայ ժողովուրդն է, ուստի մեր երկիրը միասին պէտք է պահենք, հզօրացնենք, զարգացնենք ու փոխանցենք գալիք սերունդներին», կ’ըսուէր նախարարի ուղերձին մէջ:

Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտիոյ հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, եզրափակելով ձեռնարկը, անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին եւ իր բարեմաղթանքները յղեց համայն հայութեան. խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնութեան մասին: Սրբազան հայրը նաեւ բարձր գնահատանքի արժանացուց Թէքէեան Հիմնադրամի եւ Լոնտոնի ԹՄՄ նախաձեռնութիւնը` կազմակերպելու նման բացառիկ եւ յաջողուած մշակութային երեկոյ, որուն մասին կը վկայէր ներկաներու բարձր տրամադրութիւնն ու ոգեւորութիւնը:

12 34 5

Scroll Up