Սփիւռքի Նախարարը Պարգեւատրեց «Համահայկական Աշխարհագրական Ընկերակցութեան» Ստեղծագործական Խումբը
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Համահայկական աշխարհագրական ընկերակցութեան» ղեկավար Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանը եւ կառոյցի ստեղծագործական խումբը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար եւ բարձր գնահատեց անոնց կողմէ նախարարութեան պատուէրով ստեղծուող եւ հանրային հեռուստատեսութեան արբանեակային հեռարձակմամբ Սփիւռքի մէջ ջերմ ընդունելութեան արժանացող հաղորդումներն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերեալ ֆիմերը, գովազդները:
Նախարարը նշեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը 2010 թուականէն կը համագործակցի «Համահայկական աշխարհագրական ընկերակցութեան» հետ, որուն «Մերոնք», «Սփիւռքի ժամ», «Հայ Սփիւռք» հաղորդումները կը ներկայացնեն նախարարութեան ծրագիրները եւ սփիւռքեան իրականութիւնը եւ անհատները:
Բարձր գնահատելով ընկերակցութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանի` Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ուղղուած ջանքերը, իր գործունէութեամբ սփիւռքի համայնքներու միջեւ եւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման, հայապահպանութեան գործին մէջ անոր նշանակալի ներդրումը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկի յուշամետալով:
Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան լուսաբանման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար ընկերակցութեան աշխատակիցներ` ծրագիրներու պատասխանատու Տաթեւիկ Սայադեան, բեմասրիչ Արթուր Սարիբէկեան, ծրագիրներու խմբագիր Մովսէս Դէմիրճեան, գործողներ Արմէն Անանեան, Անդրանիկ Սահակեան, Դաւիթ Բոյաջեան, լրագրողներ Լիլիթ Երիցեան եւ Ասթինէ Բալասանեան, նիւթերու մոնթաժողներ Ներսէս Մարտիրոսեան, Արսէն Սարգսեան եւ Արմէն Մելքումեան պարգեւատրուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով եւ շնորհակալագիրներով: