Մարի Մանուկեան- Տէմիրճեան Դպրոցի Աշակերտները Այցելած Են Հայ Տարեցներուն

Դեկտեմբեր 3-ին, այս տարուան մէջ արդէն երկրորդ անգամ, Մարի Մանուկեան- Տէմիրճեան դպրոցի արուեստի խումբի աշակերտները այցելած են մեծահասակներու «Արարատ» տուն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդէ դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Աննա Եարալեան` աշակերտները երգած, պարած եւ արտասանած են: Մեծահասակները ջերմօրէն դիմաւորած են եւ մեծ ուրախութեամբ ընդունած երեխաները: Մեծահասակները յուզուած էին այն հանգամանքէն, որ երեխաները չեն մոռնար իրենց հայկական արմատները եւ բարձր կը պահեն հայկական մշակոյթը: