Սթրասպուրկի «Հայորդի» Երիտասարդական Միութեան Մէկօրեայ Դպրոցի Աշակերտները Միացած Են Սփիւռքի Նախարարութեան Շարժումին

Սթրասպուրկի «Հայորդի» երիտասարդական միութեան մէկօրեայ դպրոցի աշակերտները միացած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կընես Ղարաբաղի համար» շարժումին: Ղեկավարը Դաւիթ Յովսէփեանն է:

Սթրասպուրկի մէջ գործող «Հայորդի» երիտասարդաց միութեան երիտասարդները մշտապէս աշխոյժ նախաձեռնութիւններով  հանդէս եկած են` կանգնելով նաեւ արցախահայութեան եւ Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն կանգնած զինուորներուն կողքին:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` երիտասարդաց միութեան կից գործող դպրոցը դեռեւս  քանի մը ամսուան պատմութիւն ունի: Այստեղ հայերէնէն բացի աշակերտները նաեւ հայրենասիրութեան դասեր կը ստանան եւ հնարաւորութիւն` ատոնք գործնականին մէջ կիրառելու:

 

Scroll Up