ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Աւստրալիայէն Վերադարձած Երգիչները

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց  նախարարութեան «Աւստրալիոյ հայ համայնքներու կրթամշակութային հիմնախնդիրներու լուծման աջակցութիւն»  ծրագիրի ծիրէն ներս   Աւստրալիոյ մէջ համերգային ծրագիրով հանդէս եկած  երգիչներ Ռուզաննա Աւետիքեանը, Սերգէյ Այվազեանը եւ Արմէն Դաւթեանը:

Ծրագիրի իրականացման աջակցած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ  մասնաճիւղը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ  հայոց թեմի Առաջնորդ  տէր Հայկազուն  եպիսկոպոս Նաջարեան: Երգիչները ընտրուած են համայնքին կողմէ եւ Նոյեմբեր  12-ին,  մասնակցած են «Հայաստան»հիմնադրամի ամէնամեայ դրամահաւաք-ճաշկերոյթին, հանդէս եկած կատարումներով: Ճաշկերոյթէն գոյացած գումարը յատկացուած է ապրիլեան պատերազմին ժամանակ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Աւստրալիոյ համայնքին համար համերգներով հանդէս գալու, հայ երգարուեստը պատշաճ ներկայացնելու համար` յոյս յայտնելով, որ անոնց կատարած երգերը ազդակ կը հանդիսանան երիտասարդներուն համար պահպանելու իրենց ազգային ինքնութիւնն ու հայ մշակոյթը այդ հեռաւոր երկրին մէջ, ուր Հայաստանէն մեկնած արուեստագէտներուն կ’ընդունեն բացառիկ ոգեւորութեամբ ու սիրով: Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ 2013 թուականէն ծրագիրի ծիրէն ներս  իրականացուած ձեռնարկները կը նպաստեն Աւստրալիոյ հայ համայնքի մշակութային կեանքի աշխուժացման, համայնքներուն մէջ նոր կրթական համակարգերու ներդրման, ուսուցիչներու պատրաստման ու վերապատրաստման, համայնքի կրթօճախները կ’ապահովուին համապատասխան դասագիրքերով, ձեռնարկներով, մեթոտական նիւթերով:

Ծրագիրին մասնակցած երգիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին վստահութեան համար եւ արտայայտեցին իրենց հիացմունքը համայնքի ջերմ ընդունելութեան, համերգները կազմակերպելու համար, նշեցին, որ յատկապէս տպաւորիչ էր Սիտնէյի ՀԲԸՄ «Ալեքսանտր» վարժարանին մէջ Հայ Մշակոյթի օրուան ծիրէն ներս կազմակերպուած համերգը:

 

%d5%a5%d6%80%d5%a3%d5%ab%d5%b91

Scroll Up