2017-ը` Հայագիտական Նուաճումներու Տարի
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը մշտապէս կ’անդրադառնայ համահայկական կառոյցներու ծաւալած հայրենանուէր, հայապահպան աշխատանքներուն, հայագիտական կեդրոններու ծաւալած գործունէութեան, եւ այդ ամէնը իր անդրադարձը կը գտնէ նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ: Այդ առիթով, ի պատասխան իմ հարցերուս, սիրով արձագանքեց Թեհրանի համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ, դոկտոր Անդրանիկ Սիմոնեան:
–Պարո՛ն Սիմոնեան, ե՞րբ հիմնադրուած ու ձեւաւորուած է Թեհրանի պետական համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնը, մեր օրերու անուանի հայագէտներէն որո՞նք եղած են Ձեր ամպիոնի, ուսանողութեան հիւրերը:
-Մեր ամպիոնը , որ անգլերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի եւ լեզուաբանութեան ամպիոններուն
կողքին Իրանի Իսլամական Ազատ համալսարանի օտար լեզուներու բաժանմունք կազմին մէջ ընդգրկուած է, հիմնադրուած եւ իր աշխատանքները սկսած է 1995 թուականի Սեպտեմբերին: Ես ամպիոն հրաւիրուած եմ 1997 թուականի Սեպտեմբերէն: Հետաքրքիր է, որ թէկուզ Սպահանի համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնը մեր ամպիոնէն 30 տարի շուտ հիմնադրուած է, սակայն մինչեւ այդ թուականը աշխատած էր այլազան դասագիրքերով ու առանց ծրագիրի: Մեր ամպիոնն ալ նոյն ոգով ստեղծուած էր:
1997 թուականէն ԵՊՀ-ի հայոց լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան`գրքոյկի տեսքով կազմուած ծրագիրները մանրացնելով ու մասնատելով` համապատասխանեցուցինք, ներառեցինք մեր առարկաներու ցանկին մէջ եւ մատուցեցինք: Ատոնց աւելցուցինք նաեւ լեզուաբանութեան,տաղաչափութեան, անտիկ գրականութեան դասընթացները, ի հարկէ՛, մասամբ` նաեւ մանկավարժութիւն ու հոգեբանութիւն:
Մեր մշտական եւ առաջնահերթ հիմնախնդիրը հայախօս համայնքէն ներս գրական նորմաւորուած լեզուի սերմանումն ու արմատաւորումը եղած է: Փա՛ռք Աստուծոյ, մեր ունեցած յաջողութիւնները անսակարկելի են եւ համայնքին մէջ բաւականին լաւ հռչակ կը վայելենք:
Մինչ այժմ տարբեր առիթներով մեր ամպիոնին մէջ հիւրընկալուած են Հայաստանէն ժամանած հայագէտներ ու մշակութային շատ գործիչներ` Լաւրենտի Բարսեղեան, Պարոյր Մուրադեան, Ազատ Եղիազարեան, Սամուէլ Մուրադեան, Վահան Բայբուրդեան, Գրիգոր Առաքէլեան, Արմանուշ Կոզմոյեան, Արեւշատ Աւագեան, Լեւոն Անանեան,Աբգար Ափինեան, Մարգարիտա Բակունց, Վրէժ Փարսադանեան, Յովհաննէս Գրիգորեան եւ ուրիշներ:
–Ձեր շրջանաւարտները ո՞ւր կը շարունակեն կատարելագործուիլ եւ արդեօք կրնա՞ն աշխատանքի տեղաւորուիլ իրենց նախընտրած մասնագիտութեամբ:
– Մինչ օրս մեր ամպիոնը ունեցած է շուրջ 400 շրջանաւարտ, որոնց կէսէն աւելին
հայ են: Անոնք աշխատանքի անցած են դպրոցներու, մամուլի մէջ, հայերէն ռատիօժամի, Ազգային կառոյցի տարբեր բաժիններու, միութիւններու, նաեւ` համալսարանի մէջ:
Յաճախ, երբ կառոյցները ինծի կը դիմեն ոեւէ շրջանաւարտի ներկայացնելու խնդրանքով, իսկապէ՛ս, չեմ կրնար օգնել, քանի որ մեր շրջանաւարտներուն մէջ գործազուրկ մարդ չկայ: Իսկ ուսումը շարունակելու հնարաւորութեան առումով, ցաւօք, մենք լաւ վիճակ չունինք, քանի որ ամպիոնը մագիստրոս չունի: Մեր ներկայացուցած մագիստրոսի ծրագիրը տարիներ շարունակ մնաց Բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան համապատասխան բաժինին մէջ եւ ապա ետ վերադարձուեցաւ, քանի որ մագիստրոսին անհրաժեշտ քանակութեամբ դոկտորներ եւ բանասիրութեան թեկնածուներ չունինք, պարտաւորուած` Սպահանի համալսարանի հետ համատեղ մշակեցինք միջճիւղային մագիստրոսական ծրագիր մը. այնպէս` որ նաեւ պարսից լեզուի ու գրականութեան շրջանաւարտները կարենան ընդունուիլ եւ մասնագիտանալ: Այդ պարագային կը կարենանք դասախօսական կազմը համալրել անհրաժեշտ քանակի դասախօսներով:
Մեր շրջանաւարտներէն շուրջ 50 հոգի մագիստրոսի կոչում ստացած են Իրանի համալսարաններուն մէջ` հին լեզուներու, հասարակական հետազօտութեան, լեզուաբանութեան, կամ ալ` օտար լեզուներու մասնագիտական ամպիոններէն: Շուրջ 10 շրջանաւարտ ուսանած են ԵՊՀ-ի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի մագիստրոսի բաժինը: Երկու շրջանաւարտ, անձամբ ներկայացուցած եմ միջնորդագիրով եւ լուսահոգի Պետրոս Յովհաննիսեանի յատուկ ուշադրութեամբ, ուսանած ու աւարտած են ԵՊՀ-ի Հայ ժողովուրդի պատմութեան մագիստրոսականը: Մեր շրջանաւարտ եւ ԵՊՀ-էն բանասիրութեան թեկնածու վկայուած դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեանը շուրջ 5 տարի կը վարէր Սպահանի համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի գործերը: Ան այս տարի ամուսնացաւ եւ Անգլիա տեղափոխուեցաւ: Երեք ասպիրանտ ունինք Երեւանի մէջ եւ մէկ ասպիրանտ` Սորպոնի, որ կը մասնագիտանայ հայ-ֆրանսական գրական աղերսներու ուսումնասիրմամբ:
Մեր շրջանաւարտներէն քանի մը հոգի տեղափոխուած են ու կ’աշխատին Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի, Գանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ:
–Պարո՛ն Սիմոնեան, արդեօ՞ք մեր օրերուն հայագիտութիւնը իր բարձունքին վրայ կը գտնուի` որպէս գիտութիւն:
-Դուք գիտէք, որ խորհրդային շրջանին մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ հայագիտութեան վրայ: Անուանի գիտնականները հիմնադրեցին երեւանեան հայագիտութեան վեց դպրոցները, ուր դաստիարակած, կրթուած մասնագէտները կրցան վեր հանել ու բարձր զարգացման հասցնել հայոց լեզուի ու գրականութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայագիտութեան ամենաբազմազան ճիւղերն ու նեղ մասնագիտութիւնները:
Գիտնականներու այն փաղանգը, որ մեր ուսման տարիներուն կը ղեկավարէր հայագիտութեան տարբեր մասնագիտութիւնները( գրականութիւն, պատմութիւն, լեզու, գրաբար), իսկապէս, պատկառելի համաստեղութիւն էր. միաժամանակ մենք ունէինք եւ՛ Ջահուկեան, եւ Աղայեա՛ն, եւ՛ Բարսեղեան, եւ՛ Սուքիասեան, եւ՛ Ասատրեան, եւ՛ Գարեգինեան, եւ՛ Շարաբխանեան, եւ՛ Ջրբաշեան, եւ՛ Թամրազեան, եւ՛ Գաբրիէլեան, եւ՛ Քալանթարեան, եւ՛ Մուրադեան եւ շատ ուրիշ մեծութիւններ: Պատմութեան բաժանմունքին մէջ էին Խորշուդեանը, Մելիքսէթեանը, Յակոբեանը, Սիմոնեանը, որոնք կապող օղակ հանդիսացան Աճառեանական ու Աբեղեանական ժամանակներուն հետ եւ, ինչ խօսք, իրենք իրենց հերթին մեծ հունձք տուին:
Մենք այսօր եւս որակեալ մասնագէտներու պակասը չենք զգար: Եւ՛ ՀՀ գիտութիւններու ակադեմիան, եւ՛ ԵՊՀ-ն, եւ այլ համալսարաններ յագեցուած են որակեալ մասնագէտներով, բայց, ցաւօք, պիւտճետային խնդիրները եւ յատկացուող գումարները, իսկապէս, չնչին են: Գիտնականը, դասախօս –գիտնականը չի կրնար ամբողջութեամբ գիտահետազօտական գործին նուիրուիլ:
Դասախօսը, հետազօտողը, գիտնականը կրնայ միայն նիւթական խնդիրներէն զերծ` ամբողջութեամբ նուիրուիլ իր գործին: Ես յաճախ իմ գործընկերներուս մօտ կը պարծենամ` ըսելով, որ հայերէնը աշխարհի ամենաուսումնսիրուած լեզուներէն մէկն է: Եւ ճի՛շդ կ’ըսեմ:
Այսօր այդ նոյն թափով շարունակելու համար մեծ ուշադրութիւն պէտք է: Մենք հեռու եւ ետ կը մնանք լեզուաբանութեան համաշխարհային նորագոյն նուաճումներէն, համեմատական գրականութեան ձեռքբերումներէն, պատմութեան ուսումնասիրութեան նոր մեթոտներէն եւ այլն: Մենք դեռեւս կանգնած ենք գիտութեան` խորհրդային սկզբունքներուն վրայ, իսկ ատիկա արդէն նահանջ կը նշանակէ, կամ` տեղքայլ:
Այնպէս որ, ունինք մասնագիտական զօրեղ ներուժ, սակայն այդ ներուժը ամբողջ թափով գիտութեան մէջ աշխուժացնելու առումով թերացումներ կան, որոնց մեծ մասը, ինչպէս նշուեցաւ, նիւթական ու ֆինանսական հիմքեր ունին:
–Հայ անուանի հայագէտներէն որո՞ւն կը համարէք Ձեր ուսուցիչը` բառիս ընդհանրական, ամենալայն իմաստով:
– Եթէ անկեղծ ըսեմ, ԵՊՀ-ի բանասիրական բաժանմունքի կամարներու տակ էր, որ ես, որպէս ուսանող, վերաճեցի ու իմ դասախօսներուս օրինակով դարձայ Մեսրոպ Մաշտոցի զինուորագիր: Ազգային ջիղը դաստիարակելու, աճեցնելու, զարգացնելու կարօտ կայ: Այդ ջիղը կրողները, ի վերջոյ, կը դառնան Աւարայրի դաշտի Վարդանի զինուոր: Լուսահոգի Պետրոս Յովհաննիսեան նախապատրաստականին մեզի Հայ ժողովուրդի պատմութիւն կը դասաւանդէր.« Տղմուտն անցան, ու Վարդանը հրամայեց շարժական կամուրջները վերցնել»: Տղմուտէն այն կողմ մարմիններու մահ կար, բայց` հոգիներու յաւերժութիւն:
…Երեւանի պետական համալսարանը իմ տունս է: Ամէն անգամ Հայաստան այցելելուս` իմ ժամանակիս մեծ մասը այնտեղ կ’անցնեմ: Եթէ ճիշդը ըսեմ, Համալսարանին նկատմամբ ես պարտք կը զգամ: Պէ՛տք չէ ձգէի: Բայց ատիկա այլ հարց է:
Հիմա կը ջանամ, ինչ ալ որ ըլլայ, որպէս ԵՊՀ շրջանաւարտ, անոր վարկն ու պատիւը բարձր պահել:
Ակադեմիկոս Ջահուկեանի հետ տեսակ մը` իւրայատուկ հոգեւոր կապեր ունէինք: Որդիական զգացում ունէի անոր հանդէպ: Անոր ղեկավարութեամբ ալ Կեդրոնական Իրանի չորս հայկական գաւառներու խօսուածքը ներկայացուցի` որպէս թեկնածուական ատենախօսութիւն, որն իր հերթին, որպէս նորայայտ բարբառ, աւելցաւ մեր բարբառագիտութեան գանձարանին: Ժամանակակիցներէն յատուկ յարգանք ունիմ ԵՊՀ-ի ներկայիս տնօրէն Արամ Սիմոնեանի, գրականագէտ Սամուէլ Մուրադեանի եւ մեծ հայրենասէր Գուրգէն Մելիքեանի հանդէպ: Իմ ամենամեծ Ուսուցիչս զիս ծնող ժողովուրդն է եւ անոր զուլալ ակունքները, այնուհետեւ` բոլոր այն անուանի հայագէտները, որմէ սորված եմ եւ այն հայագէտները, որուն կողքին աշխատած, արարած եմ:
–Պարո՛ն Սիմոնեան, Ձեր կարծիքով հայագիտութիւնը կրնա՞յ Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ իրականացնել հայապահպան առաքելութիւն:
– իմ պատասխանս, ցաւօք, այնքան ալ դրական չէ:
Հայագիտութիւնը տեղեր մը հեռու կը մնայ նոր ժամանակներու նուաճումներէն, զուրկ կը մնայ իր ազգային ու հայրենական արմատներէն, նիւթատեխնիկական հովանաւորութիւններէն:
Մեզ պէտք է երեք ուղղութեամբ համակագրուիլ. առաջին` Հայաստանի միջոցով Հայաստանակեդրոն համաշխարհային ցանց ստեղծել: Այդ ցանցը իր մէջ կրնայ ընդգրկել Հայաստանեան ներուժը եւ ունենալ յստակ ծրագիր: Սփիւռքէն անոր հետ կրնան համագործակցիլ եւ՛ համալսարանական ամպիոնները, եւ՛ առանձին մասնագէտներ: Երկրորդ` տեղական եւ յատկապէս եւրոպական հետազօտական կեդրոններու հետ համաքայլ` ոչ միայն գիտական առումով, կարելի է անհրաժեշտ կապերը զարգացնել եւ որոշ ուղղութիւններու մէջ նաեւ կարելի է օգտուիլ հետազօտական ծրագիրներուն յատկացուող ֆինանսական նեցուկէն: Երրորդ` Հայաստանակեդրոն համաշխարհային ցանցը պէտք է յագեցուի ու հարստանայ օժանդակ նիւթերով, որոնք հայագիտական քարոզչութիւնը կը դարձնեն ոչ միայն անհրաժեշտ, այլեւ` հաճելի: Այդ քարոզչութիւնը մեր օրերուն եւ յատկապէս համաշխարհայնացման տարածուող ալիքներու տարափին տակ անհրաժեշտ ինքնապաշտպանական վահանի դեր պէտք է ունենայ: Մենք աշխարհի խորթ զաւակները չենք եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ մեզ լաւ կը դրսեւորենք, բայց կայ նաեւ ազգային ինքնագիտակցութեան հարցը. ատիկա ինքնանպատակ չէ, ատիկա քարոզչական խնդիր է, որմէ ետ մնալու պարագային` շատ բաներ կրնան մոռացութեան փոշիի տակ մնալ:
Հայաստանակեդրոն այդ ցանցի կեդրոնական մարմինը կրնայ նոյնիսկ միայն բարոյական աջակցութեամբ ու ամէնամեայ խորհրդակցութիւններով տեղէն շարժել հայագիտութիւնը իր ներկայ անշարժ վիճակէն:
Միայն նիւթականը չէ, որ գործ կ’ընէ, համագործակցութիւնը ինքնին ուժ է ու հզօր շարժիչ ուժ: Պարզ է, որ մենք կը խօսինք երկու թեմայի մասին` առաջինը հայրենագիտութեան թարմացումը եւ արդիականացումն է` որպէս գիտութիւն, իսկ երկրորդը հայապահպանութիւնն է` այդ գիտութեան շնորհիւ: Եթէ ֆրանքոֆոններու տէրը Ֆրանսան է, անգլախօսները Անգլիոյ եւ Ամերիկայի ուշադրութիւնը կը վայելեն, լուրջ ու հետեւողական տէրեր ունին նաեւ ռուսերէն, թրքերէն եւ քանի մը այլ լեզուներով աշխատող, ապրող ու հետազօտող գիտնականները, ապա մեր լեզուն ու գրականութիւնը եւ ատոնց հետ աղերսուող գիտութիւնները պէտք է կարենան վայելել եօթ հազար տարուան պատմութիւն ունեցող ու քսաներորդ դարուն մէկ անգամ արնաքամ դարձած ժողովուրդի նորանկախ պետականութեան ջերմութիւնը:
Վերջաւորութեան թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել մեր ամպիոնին նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար: Սփիւռքի նախարարութիւնը կը քալէ առջեւէն եւ հէնց որ միայնակ մնալու երկմտանքի ստուերը առաջ կը շարժի, լուսէ ձեռք մը կը կանխէ զայն: կեցցէ՛ք դուք:
Մեր ամպիոնը ծանր օրեր կ’ապրի եւ այսպիսի ուշադրութիւն մեզի համար շատ թանկ արժէ:
Թոյլ տուէք նաեւ մեր ամպիոնի դասախօսական կազմի եւ երկու խումբերու մէջ ուսանող 15 ուսանողներուն կողմէ համայն հայութեան շնորհաւորել Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու բարեբաստիկ առիթով:
Նաեւ իմ անձնական յատուկ ու ջերմ շնորհակալութիւնն ու շնորհաւորանքները կը յղեմ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին, փոխնախարարներուն եւ նախարարութեան բոլոր բաժիններու բոլոր աշխատողներուն` մաղթելով առողջ, յաջող եւ բարիքներով առատ տարի:
-Շնորհակալութիւն յայտնելով Թեհրանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ, դոկտոր Սիմոնեանին` կը մաղթենք, որ նոր` 2017-ը, հայոց կեանքին մէջ ըլլայ խաղաղութեան եւ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ նորանոր նուաճումներու, հայապահպանութեան տարի:
Կարինէ Աւագեան