Վարչապետը Մասնակցած Է «Վերափոխել Հայաստանն Ու Ներգրաւել Սփիւռքը` Միասնականութեամբ Եւ Համատեղ Պատասխանատուութեամբ» Խորագիրով Քննարկումին
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր մասնակցած է Հայաստանի երկարաժամկէտ ընկերային-տնտեսական զարգացման թեմայով քննարկումին` «Վերափոխել Հայաստանն ու ներգրաւել սփիւռքը` միասնականութեամբ եւ համատեղ պատասխանատուութեամբ» խորագիրով: Քննարկումը կազմակերպած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը` (ՀԲԸՄ) իր 110-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Վարչապետը այցելած է ՀԲԸՄ կեդրոնատեղիի շէնք եւ մինչ հանդիպումը շրջայց կատարած այնտեղ տեղակայուած «IdeA» հիմնադրամին, «Լոյս» հիմնադրամին, «Impact Hub Yerevan» ցանցի գրասենեակներուն մէջ, ծանօթացած անոնց գործունէութեան եւ ծրագիրներուն, ողջունած ստեղծագործ նախաձեռնութիւնները եւ մաղթած յաջողութիւններ:
Այնուհետեւ մեկնարկած է Հայաստանի երկարաժամկէտ ընկերային-տնտեսական զարգացման թեմայով քննարկումը, որուն ընթացքին կառավարութեան ղեկավարը պատասխանած է բազմաթիւ հարցերու:
Կից կը ներկայացուի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ հարցուպատասխանի տեսագրութիւնը ամբողջութեամբ: