Ֆրանսահայ Գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեան Պարգեւատրուած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արշիլ Գորկի» Մետալով

Օրերս Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Փարիզի մէջ «Արշիլ Գորկի» մետալով պարգեւատրած է ֆրանսահայ գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեանը:

Տիգրան Տատրեան մեծ ներդրում ունի Սփիւռքի մէջ գեղանկարչութեան արուեստը տարածելու եւ մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու գործին մէջ:

Յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեան ծնած է Պէյրոյթ 1929թ-ին: Մանկութեան տարիները անցուցած է Զահլէի մէջ: Յաճախած է Կիպրոսի Մելքոնեան հիմնարկը, այնուհետեւ` Փարիզի արուեստներու ազգային դպրոցը, Կոետսի ակադեմիոյ  եւ Կրան Շոմիեր ակադեմիոյ մէջ: 1957թ-էն սկսած հանդէս  եկած է  շարք մը անհատական եւ այլ նկարիչներու հետ համատեղ ցուցադրութիւններով Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Դասաւանդած է Կոետսի ակադեմոյ մէջ, որ 1983թ-ին վերանուանուած է Կոետս-Տատրեան ակադեմիա (Acadռmie Goetz-Daderian):

Տատրեանի աշխատանքները կը գտնուին Փարիզի ժամանակակից արուեստներու թանգարանին մէջ, Փարիզի ազգային գրադարանին, Երեւանի ժամանակակից արուեստներու թանգարանին, Լիսպոնի Կիւլպէնկեան հիմնադրամի եւ այլ յայտնի թանգարաններու մէջ: Գեղանկարիչին ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած «Յիսունամեայ ստեղծագործութիւն» խորագիրով ցուցահանդէսը տեղի  ունեցած է Համազգայինի «Լիւսի Թութունջեան» պատկերասրահին մէջ: 2012 թուականին պարգեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

1 paris

 

Scroll Up