Սուրիահայ Կանայք Հայաստանի Մէջ Վարսայարդարում, Խոհարարութիւն Սորված Են, Իսկ 21 Երիտասարդ՝ Ծրագրաւորում
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական Կլոր սեղան հիմնադրամի ծրագիրներէն անմասն չեն մնացած նաեւ սուրիահայերը: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է հիմնադրամի ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Բաղդասարեան, իրականացուած է «Հայաստանի մէջ փախստական սուրիահայերու կենսապայմաններու բարելաւում» ծրագիրը, որուն նպատակն է նպաստել Սուրիայէն փախստական ամենակարիքաւոր ընտանիքներու տնտեսական ու ընկերային պայմաններու բարելաւման եւ ընդելուզման Հայաստանի մէջ:
2015 թուականի Մայիս 1-էն մինչեւ 2016 թուականի Օգոստոս 31 տեւած ծրագիրին ընթացքին 50 սուրիացի փախստականներու հնարաւորութիւն ընձեռած է սորվելու վարսայարդարում, գեղայարդարում եւ մատնայարդարում, խոհարարութիւն եւ սեղանի ձեւաւորում, ինչպէս նաեւ` հագուստի ձեւաւորում: «Մեր նպատակն էր որոշակի հմտութիւններ սորվեցնել յատկապէս կիներուն` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Սուրիոյ մէջ ընդունուած չէ, որ կիները աշխատին: Այսպէս որոշ չափով կը վաստակեն իրենց օրուան հացը»,- ըսած է Կարինէ Բաղդասարեան` աւելցնելով, որ «Մայքրոսոֆթ»-ի հայաստանեան գրասենեակի աջակցութեամբ 21 սուրիահայ երիտասարդ ալ հնարաւորութիւն ստացաւ ուսանելու մասնագիտական ծրագրաւորում: Անոնցմէ 12-ը արդէն հիմնական աշխատանք ունի:
Կարինէ Բաղդասարեան առանձնացուց յատկապէս սնունդի բաշխման նախաձեռնութիւնը, որ Կլոր սեղանի միջազգային գործընկերներուն կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս նորարական մօտեցում մարդասիրական օգնութեան ոլորտին մէջ: Այդ մասին նոյնիսկ ֆիլմ նկարահանուած է: «Մենք որոշեցինք սուրիահայերուն սնունդը բաշխել նորարարական, աւելի ճիշդ, արժանապատիւ ձեւով: Պարէնային ցանցերու հետ համագործակցելով մենք անոնց փլաստիկ քարտեր տրամադրեցինք, որոնցմով մարդիկ հնարաւորութիւն ստացան իրենք ընտրելու անհրաժեշտ սննդամթերքը, ի հարկէ բացառութեամբ ալքոհոլի եւ ծխախոտի»,- աւելցուցած է Կարինէ Բաղդասարեանը: