Համահայկական Խաղերուն Սուրիոյ Պատուիրակութեան Ծախսերը Պիտի Հոգայ ՀՀ Կառավարութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/019.jpg)
Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն Սուրիոյ պատուիրակութեան մասնակցութեան ծախսերը պիտի հոգայ ՀՀ կառավարութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդեն ՀՀ կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն, գործադիրը Յուլիս 2-ի նիստին որոշած է Համահայկական 6-րդ խաղերուն Սուրիոյ պատուիրակութեան մասնակցութեան ծախսերը հոգալու նպատակով 39.8 միլիոն դրամ յատկացնել մարզմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան, որ գումարը պիտի տրամադրէ «Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէ» հասարակական կազմակերպութեան:
Նշուած գումարը պիտի ծախսուի Սուրիոյ 82-հոգինոց պատուիրակութեան ճանապարհածախսին եւ հիւրանոցի ծախսերը հոգալուն: Պատուիրակութիւնը Երեւան պիտի տեղափոխէ լիբանանեան օդանաւային ընկերութիւնը, Երեւանի մէջ անոնց 16-օրեայ կեցութիւնը պիտի ապահովուի «Արարատ» հիւրանոցին մէջ:
Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Օգոստոս 2-13: Յուլիս 1-ի դրութեամբ համահայկական խաղերուն ներկայացուած է 35 պետութիւններու 161 քաղաքներէն 5461 մասնակցութեան յայտ: