ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հանդիպումները Պելճիգայի ՄԷջ

Նոյեմբեր 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պելճիգայի Թագաւորութիւն կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս շարք մը հանդիպումներ  ունեցած է Պրիւքսէլի մէջ: Հանդիպումներուն ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարին ուղեկցած է Պելճիգայի Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան:

Առաւօտեան նախարարը այցելած է Պրիւքսէլի հայ առաքելական եկեղեցի, ուր հանդիպած է Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի Պենելիւքսի փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Զատիկ Վարդապետ Աւետիքեանի եւ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ: Հանդիպման ներկայ  եղած են եկեղեցւոյ հոգեւոր այրերը, դպրաց եւ սարկաւագաց դասը, երգչախումբի անդամները, եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ Գրիգոր Պօղոսեանը: Հանդիպման քննարկուած են պելճիգահայ համայնքի իրաւական կարգավիճակին, համայնքային կեանքին եւ ապագայ ընելիքներուն առնչուող հարցեր:

Երեկոյեան Պրիւքսէլի Հայ տան մէջ կայացած է հանդիպում, որուն ներկայ էին Պելճիգայի հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու, համայնքի շուրջ 200 աշխոյժ անդամներ: Հանդիպման սկիզբը  ՀՀ սփիւռքի նախարարը տեսանիւթերու միջոցով ներկայացուցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայեցակարգային մօտեցումները, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրները, իրականացուցած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ընելիքները: Ապրիլեան պատերազմի օրերուն համայնքին կողմէ ցուցաբերուած նիւթական եւ ֆինանսական աջակցութեան համար Հրանոյշ Յակոբեան Պելճիգայի հայ համայնքին յանձնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրը: Նախարարը խօսած է նաեւ «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման մասին` կոչ ընելով պելճիգահայերուն եւս միանալ այս շարժման ու մշտապէս զօրավիգ  ըլլալ Արցախի ժողովուրդին, նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, տնտեսութեան զարգացման, սոցիալական, մշակութային խնդիրներու լուծման ուղղուած աշխատանքներուն: Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարը պատասխանած է ներկաներու հարցերուն:

Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներ  յանձնած է Հայ տան կից գործող հայկական դպրոցի երկու ուսուցիչներու` Լիանա Մելքոնեանին եւ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանին:

12 3 4

Scroll Up