Հալէպը Պատմական Օրեր Կ՚ապրի

Անցնող երկու օրերու ընթացքին, սուրիական բանակը ժողովրդային ինքնապաշտանական խումբերու օժանդակութեամբ ազատագրեց Հալէպի արեւելեան հատուածի շարք մը շրջաններ, այսպիսով իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնելով Հալէպի արեւելեան շրջանի 45 Քլմ.² գրաւուած տարածքէն 20 Քլմ.²-ը։ Այս մասին կը գըրէ «Գանձասարը»:

Առաւօտեան սուրիական բանակը ազատագրեց Սուլէյմէն Հալապիի մէջ գտնուող ջուրի ընկերութիւնը եւ բանեցնել սկսաւ քաղաքի կեդրոնական ջրամուղները։

Վերոյիշեալ յառաջընթացի լոյսին տակ Նոր Գիւղի շրջանը յատկապէս, չորս տարուայ տառապանքէն ետք, խաղաղութեամբ դիմաւորեց լուսաբացը։ Պոսթան Փաշայի առասպելը վերջ գտաւ։ Այնտեղ տեղակայուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ 4 տարի շարունակ օրական դրութեամբ կազի պայթուցիկ տակառներով ու բազմատեսակ հրթիռներով հրթկռակոծեցին Նոր Գիւղը։


Հալէպի արեւելեան կարգ մը շրջաններուն մէջ՝ Հին Հալէպ Աղիոր, Շաար, Պապ ալ Նասըր ազատագրական մարտերը կը շարունակուին։

1 3

Scroll Up