Բակօ Սահակեան Հանդիպած Է «Ճանաչենք Մեր երկիրը» Երիտասարդական Արշաւի Մասնակիցներուն

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 25-ին Դադիվանք գիւղի մօտակայքը գտնուող Սուրբ Աստուածածին միջնադարեան վանական համալիրի տարածքին մէջ հանդիպում  ունեցած է «Ճանաչենք մեր երկիրը» երիտասարդական արշաւի մասնակիցներուն հետ:

Արցախի Հանրապետութան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդմամբ` նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշած է, որ նման արշաւները դարձած են աւանդական` կարեւոր նկատելով ատոնք մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, հարազատ երկրի պատմութիւնը, մշակոյթը, բնութիւնը ճանչնալու, ընկերական կապերը ամրապնդելու տեսանկիւններէն:

Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ արծարծուած են նաեւ երկրի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն, սահմանադրական բարեփոխումներու ընթացքին, երիտասարդական քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:

Նոյն օրը Նախագահ Սահակեան այցելած է Թալիշ գիւղ ու տեղւոյն վրայ ծանօթացած այնտեղ իրականացուող ծրագիրներուն ընթացքին:

 

Scroll Up