ԼՂՀ Ֆինանսական Աջակցութեան Հաշուեհամարի Տուեալները
2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հազարաւոր հայրենակիցներ դիմեցին Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան` յայտնելով իրենց աջակցութիւնն ու օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը: Այդ կապակցութեամբ ԼՂՀ կառավարութիւնը բացաւ ֆինանսական աջակցութեան հաշուեհամար: Բոլոր այն անձիք, որոնք կը ցանկան աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, փոխանցումները կրնան կատարել հետեւեալ հաշուեհամարներուն`
Հաշուեհամարները`
ՀՀ դրամ` 22300612211100
ԱՄՆ տոլար` 22300110153200
Եւրօ` 22300200153300
ՌԴ ռուբլի` 22300400153100
Սպասարկող դրամատուն` «Արցախբանկ» ՓԲԸ
Հասցէ` Կիեւեան փողոց 3, Երեւան, Հայաստան
SWIFT` ARTSAM22
Ստացող` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարարութիւն
Աւելցնենք, որ 2016 թուականի Հոկտեմբեր 20-24 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի աջակցութեամբ կայացաւ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը` նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:
Հոկտեմբեր 24-ին` Ստեփանակերտի մէջ, համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» խորագիրով շարժում` ողջ աշխարհի հայութիւնը յանձնառու դարձնելու ԼՂՀ-ին օգնելու, ներդրումները խթանելու, ԼՂՀ-ի սոցիալ-տնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային կեանքը առաւել զարգացնելու ուղղութեամբ: