«Պարզապէս Հայուհի Մըն Եմ» Խորագիրը Կրող Ձեռնարկ` Նուիրուած Սրբուհի Տիւսաբի 175-Ամեակին

Նոյեմբեր  22-ին  Սիւնիքի մարզի Եղէգի միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Պարզապէս հայուհի մըն եմ»  խորագիրը  կրող ձեռնարկ` նուիրուած հայ առաջին վիպասանուհի, արեւմտահայ գրող, հրապարակախօս եւ հասարակական-մանկավարժական գործիչ  (Սրբուհի Վահանեան) Սրբուհի Տիւսաբի 175-ամեակին, կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը:

Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհիներ  Մ. Կոստանեանն ու Մ. Ադամեանը ներկայացուցին Ս. Տիւսաբը` որպէս «Հայ գրականութեան նահապետուհի», «Հայ ֆեմինիզմի աւանգարդ»` կարեւոր համարելով անոր անուրանալի ներդրումը մեր հասարակական կեանքին մէջ: Այնուհետեւ աշակերտները անդրադարձան  Տիւսաբի կեանքին եւ ստեղծագործութեան  ուշագրաւ դրուագներուն` զուգահեռ դիտելով slide show-ն, իսկ միւսները հանդէս եկան անոր երեք` «Մայտա», «Սիրանոյշ»,  «Արաքսիա կամ վարժուհին» վէպերու գաղափարական վերլուծութիւններով:

Ձեռնարկին աւարտին Մ. Կոստանեան բարձրաձայնեց հայ իրականութեան մէջ կանանց իրաւունքներու առաջին գաղափարախօսներէն  Ս. Տիւսաբի արծարծած մտքերը` նշելով, որ չնայած ժամանակակիցները, ի նշան երախտագիտութեան, անոր կը պսակէին  «ազգասէր» մակդիրով, բայց ինքն աւելի համեստ տեղ կու տար ինքզինքին. « Պարզապէս հայուհի մըն եմ, որ յօգուտ ազգին կ’աշխատիմ դոյզն-ինչ, ինչպէս կ’աշխատին միւս հայուհիները…»:

Յիշեցնենք, որ Սրբուհի Տիւսաբ ընդգրկուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը-2016» ծրագիրին:

Scroll Up