Հոլանտահայ Կազմակերպութիւններու Ֆետերասիոնի Եւ «Աբովեան» Մշակութային Միութեան Նախագահը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Նոյեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերասիոնի եւ «Աբովեան» մշակութային միութեան նախագահ Մաթօ Հախվերդեանը եւ կնոջը` Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերասիոնի Ապրիլ 24-ի յանձնախումբի ղեկավար եւ «Աբովեան» մշակութային միութեան քարտուղար Ինկա Տրոստը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով հիւրերը, կարեւոր համարեց Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերասիոնի, յատկապէս` Ապրիլ 24-ի յանձնախուբմի հայանպաստ գործունէութիւնը, նշեց վերջին տարիներուն իրականացուցած բարձր գնահատանքի արժանի լոպիստական աշխատանքը:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին աւելի աշխուժօրէն մասնակցելու անհրաժեշտութեան, անդրադարձ կատարուեցաւ այս օրերուն հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներուն` Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, Արցախի, սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն, քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպական հարցեր, նախանշուեցան ընելիքները:

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերասիան իրաւաբանական կազմակերպութիւն է, որ աշխոյժ լոպիստական աշխատանք կ’իրականացնէ, ինչպէս նաեւ` կը ներկայացնէ հայկական համայնքը հոլանտական իշխանութիւններուն: Այդ աշխատանքներուն շնորհիւ է, որ 2004 թուականին Հոլանտայի խորհրդարան  ներկայացուած է Ցեղասպանութեան հարցը: 2006 թուականին  ընտրացուցակէն հանել  տուած են այն թուրք թեկնածուներուն անունները, որոնք կը ժխտէին Ցեղասպանութիւնը: Այս ձեռնարկը մեծ աղմուկ  բարձրացուցած է  Հոլանտայի մէջ եւ լայն արձագանք գտած տարբեր երկիրներու մէջ: Այս տարուան Դեկտեմբեր 6-ին անոնց ներկայացուցած բողոքի հիման վրայ, տեղի կ’ունենայ մէկ այլ դատավարութիւն` հայերուն դէմ ելոյթ ունեցած ատրպէյճանցիին գործով: Որպէս բողոքարկող կողմ` կազմակերպութիւնը կը պատրաստուի ելոյթով հանդէս գալու:

Մաթո Հախվերդյան1

Scroll Up