«Ինծի Համար Լաւ Հայը Ան Է, Որ Սրտով Կը Սիրէ Հայրենիքը». Շաքէ Թումայեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան դռները միշտ բաց են Հայրենիք վերադարձող եւ Հայրենիքի մէջ հիւրընկալուող իւրաքանչիւր հայու համար. անոնցմէ շատերը` դաժան ճակատագրի բերումով օտար ափերու վրայ հանգրուանած, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր հայրենակիցներու սերունդները, ուր ալ, որ ծնած ու մեծցած են, իրենց հոգիին եւ սրտին խորքը մշտապէս կրած են Հայաստանի պատկերն ու փայփայած օր մը Հայրենիք հաստատուելու յոյսը, վերջնական որոշման արդիւնքով` Հայաստան տեղափոխուելու եւ իրենց կեանքի մնացած բոլոր տարիները այստեղ ապրելու: Անոնցմէ մէկն ալ իմ զրուցակից լիբանանցի Շաքէ Թումայեանն է, որուն հետ հարցազրոյց ունեցայ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ:
–Շաքէ՛, բարով եկած էք Հայրենիք, թո՛ղ յետագային Հայաստանի մէջ հիմնաւորուելու Ձեր ցանկութիւնն ու որոշումը շուտափոյթ իրագործուին ու դառնան նոր ու հետաքրքիր կեանքի մը սկիզբը : Եր՞բ եւ ինչպէ՞ս կայացուցիք Հայաստանի մէջ տուն գնելու, հիմնաւորուելու որոշումը:
-3-4 տարի առաջ, երբ եկած էի Հայաստան` պտոյտի, երբ Հայաստանի քաղաքացիութեան անձնագիր ստացայ, հէնց ա՛յդ ժամանակ ալ կայացուցի Հայրենիք տեղափոխուելու որոշումս. զգացի, որ իմաստ չունի այլեւս ուրիշ երկրի մէջ ապրիլը, մանաւանդ վերջին օրը, երբ օդակայանն էի, կը մտածէի, թէ` այս ու՞ր կ’երթամ, ի՞նչ գործ ունիմ Լիբանանի մէջ: Անձնագիր ստանալու օրը վճռորոշ դարձաւ. մէկ վայրկեանի մէջ Լիբանանի մէջ ապրածս 47 տարիներու զգացումներս յօդս ցնդեցան, կարծես ամբողջ կեանքս այստեղ ապրած էի:
…Լիբանանի մէջ եւ՛ տուն ունիմ, եւ՛ աշխատանք, հարազատներ, ընկերներ, սակայն այնտեղ ես արդէն կ’ապրիմ կարծես զբօսաշրջիկի նման: Այս տարուան Սեպտեմբերին եկայ Հայաստան` նաեւ տուն փնտրելու նպատակով: Արդէն Հայաստանի մէջ տուն գնած եմ, եւ ասիկա ալ ներդրում կը համարեմ Հայրենիքի մէջ: Ապրելու համար ընտրեցի Աշտարակ գեղատեսիլ քաղաքը: Սկիզբը բացի Երեւան քաղաքի քարտէզը, ծանօթացայ բոլոր թաղամասերուն, ատոնց շրջակայ տեսարաններուն, գնային քաղաքականութեան, անշարժ գոյքի գործակալութիւններու միջոցով շատ տուներ նայեցայ, տեսայ, որ քաղաքին մէջ կանաչը քիչ է, շէնքերու շքերթ է, օդը մաքուր չէ, աղմուկը շատ է, բնակարաններու գիները թանկ են…յետոյ գացի Աշտարակ, ուր ինծի ցոյց տուին այսօրուան տունս: Շատ հաւնեցայ կանաչախիտ Աշտարակը, ուր օդը մաքուր է, տան գինը աւելի մատչելի էր, ուրախացայ, որ ամէն տեղէ կ’երեւի Մասիսը, պատուհանէս կ’երեւի Սուրբ Կարմրաւոր եկեղեցին: Տանս դիմաց պտղատու ծառերով 1300 մեթր այգի է: Տուֆ քարէ պատրաստուած երկյարկանի տուն է, հիմա ներսը քիչ մը փոփոխութիւններ պիտի ընեմ, վերանորոգեմ: Ես քաղաքներու մէջ չեմ սիրեր ապրիլ. Քաղաքներու մէջ կեանքը անընդհատ շարժման մէջ է, անհանգիստ, աղմկոտ, աւելի հանդարտ բնակավայր կը սիրեմ: Լիբանան ես կ’աշխատիմ Պէյրութի մէջ, սակայն արուարձանի մէջ կ’ապրիմ: Կարեւորը, որ Աշտարակը Երեւանէն հեռու չէ, այս նոր կառուցուած ճանապարհով մեքենայով 18 վայրկեանով կարելի է Երեւան հասնիլ, որովհետեւ իմ ոտքս քաղաքին մէջ շատ պիտի ըլլայ, Երեւանի մէջ շատ գործեր կ’ունենամ:
–Ին՞չ մասնագիտութիւն ունիք, Շաքէ՛, Հայաստան տեղափոխուելու մտադրութենէն ելլելով` մտածա՞ծ էք Երեւանի, Աշտարակի մէջ աշխատանք գտնելու մասին:
-Ես երկու տարեկանէս գիշերօթիկի մէջ` «Թռչնոց բոյն» -ի մէջ մեծցած եմ. 8 տարի այնտեղ եղած եմ, աւարտած եմ Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը, Պէյրութի մէջ շինարարական ընկերութեան մը մէջ վարչական աշխատանք կը կատարեմ, գրասենեակի ընդհանուր պատասխանատուն եմ: Մինչեւ Հայաստան տեղափոխուիլս` պէտք է աշխատանք գտնեմ:
–Շաքէ՛, երբ Դուք Հայաստանի մէջ տուն գնելու, յետագային հիմնաւորուելու որոշում կայացուցիք, Ձեր հարազատները, ընկերները ինչպէ՞ս արձագանքեցին:
-Բոլորը ողջունեցին իմ ընդունած որոշումս. շատերը կը նեղուին, որովհետեւ իրենք ալ շատ մեծ ցանկութիւն ունին, սակայն մեծ ընտանիքներ են, պէտք է բոլորին համաձայնութիւնը ըլլայ, նիւթական միջոցները պէտք է բաւարարեն, որպէսզի Հայաստանի մէջ կարենան տուն գնել: Իմ եղբօրս երկու զաւակները Լիբանանի մէջ համալսարանի ուսանողներ են, եղբայրս կը սպասէ, որ երեխաները աւարտեն ուսումը եւ իրենք ալ գան Հայաստան: Քոյրերս, եղբայրներս, բոլորը՛ կ’ուզեն գալ: Այնտեղ եղբօրս մէկ զաւկին ուսման վարձը տարեկան կը կազմէ 20 հազար տոլար, երկու զաւակներուն համար եղբայրս կը վճարէ 40 հազար տոլար, իսկ ես իմ տունս ու հողամասս գնեցի այդքանով: Եղբայրս կ’ըսէ, եթէ 10-15 տարի առաջ Հայաստանի անձնագիր ունենային եւ գիտնային, որ դրութիւնը այսպէս լաւ պիտի ըլլայ, շուտ կու գային, երեխաներն ալ այստեղ Ամերիկեան համալսարանին մէջ կ’ուսանէին` աւելի մատչելի գիներով: Իմ պարագայիս աւելի դիւրին է որոշում կայացնելը, որովհետեւ միայնակ եմ, ամուսնացած չեմ, ծնողներս մահացած են:
–ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մասին ի՞նչ գիտէիք:
-Վատ կը զգամ, որ չեմ հետաքրքրուած Սփիւռքի նախարարութիւնով, անոր գործունէութեամբ, տեղեակ չեմ եղած, որ կայ «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերական. Ընկերուհիս ուղղորդեց զիս, եւ Սփիւռքի նախարարը շատ ջերմութեամբ ընդունեց զիս, զրուցեցինք: Ես առաջարկ ունիմ. դուրսէն եկողներէն ոչ բոլորը կրնան ինքնուրոյն տուն գնել, փնտրել լաւ թաղամաս, լաւ կ’ըլլայ, որ այդ հարցով նախարարութեան մէջ ուղղորդող մարմին մը ըլլայ:
–Ինչպիսի՞ն է Հայաստանը Ձեր աչքերով, հայը՛ եւ ինչպիսի՞ն կը ցանկայիք տեսնել Հայաստանն ու հայը:
– Նախ ըսեմ , որ Հայաստանն ու հայը իրար հետ ոչ մէկ կապ ունին. երկիրը` առանձին, ժողովուրդը` առանձին: Հայաստան դրա՛խտ է, ոչ մէկ բանի պէտք ունի: Ամէն ինչ գեղեցիկ է Հայաստանի մէջ. Հայրենիքս նման է առաւօտեան քունէն արթնցող տիկնոջ մը, որ առանց լուացուելու եւ շպարուելու ալ շատ գեղեցիկ է: Գեղեցիկ են պատմամշակութային յուշարձանները, բոլոր տեսարժան վայրերը, Երեւանի լայն փողոցները, Հանրապետութեան հրապարակը, երգող շատրուանները…ես շատ եկած եմ Հայաստան, սակայն ամէն այցիս ինծի կը թուի, թէ նոր եկած եմ եւ չեմ հասցուցած տեսնել ամէն ինչ. ատիկա, իրօ՛ք, այդպէս է. ամբողջ տարին չի բաւականացներ` տեսնելու Հայաստանի բոլոր անկիւնները, չքնաղ, գողտրիկ վայրերը: Հայաստանէն կ’երթան` կարծելով, թէ ուրիշ տեղ լաւ է, թէ ուրիշ երկրներու մէջ տոլարները ծառերէն կախուած են: Ազատ կը քալես Երեւանի փողոցներով, կ’անցնիս գեղեցիկ պուրակներով, կը շրջիս տեսարժան վայրերով…այստեղ մրգերը, բանջարեղէնը, միսը մաքուր են, բնական, ուրիշ է ջուրը, օդը…մեր Հայրենիքը ամէնէն լաւն է, միայն աշխատանք ըլլայ, ուրիշ բան պէտք չէ: Ինչ կը վերաբերի հայու տեսակին, ըսեմ, որ ինծի համար լաւ հայը ան է, որ սրտով կը սիրէ Հայրենիքը: Ես սրտի՛ն կը նայիմ:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան