ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Յարգելի´  տիկին Յակոբեան

«Տաթեւ գիտակրթական համալիրի» եւ «Զանգակ» հրատարակչութեան անձնակազմերու անունով սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման 5-ամեակի առթիւ: Ի դէմս Ձեզ` Սփիւոքի նախարարութեան ամբողջ աշխատակազմին

կը մաղթեմ արգասաբեր զօրծունէութիւն եւ նորանոր նուաճումներ գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Հայկական աշխարհի միասնականութիւնը այսօր մեր ազգի եւ պետութեան առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներու լուծման նախապայմանն ու յուսալի ճանապարհն է:

Բազմադարեայ բարդ կենսազրութեան քառուղիներուն ջլատուած մեր գեները այսօր ծառի արմատներու նման տարածուած են աշխարհի բոլոր ուղղութիւններով, եւ թերեւս ղժուար է պատկերացնել հայ մարդուն համար պատմական աւելի բարձր առաքելութիւն, քան մաքառիլը, որ այղ արմատներով սնուի ու սնի, ծաղկի ու երկնի մեր հայրենիքը:

Համոզուած եմ, որ Նախարարութեան ջանքերուն, կեանքի կոչած ծրագիրներուն առաւել համարժէք գնահատական հնարաւոր կ’ըլլայ տալ միայն տասնամեակներ ետք, եւ կը յուսամ, որ մեր ապագայ սերունդները պատշաճ կը գնահատեն այն մարդոց վաստակը, որոնց ջանքերով հայութիւնը դարձաւ աւելի միասնական, իսկ աշխարհը` աւելի հայկական:

Յարգանքով`

Սոկրատ Մկրտչեան

«Տաթեւ գիտակրթական համալիրի» եւ «Զանգակ» հրատարակչութեան գլխաւոր տնօրէն

Scroll Up