Գաղթականութեան Քաղաքականութեան Զարգացման Միջազգային Կեդրոնի Պատուիրակութիւնը Հիւընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Նոյեմբեր 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց  Գաղթականութեան  քաղաքականութեան զարգացման միջազգային կեդրոնի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին ՄՔԶՄԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Գարել Հոֆստրան, ՄՔԶՄԿ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Գաբրիէլա Ապատոն, արեւելեան ուղղութեան ղեկավար Մարտին Փլոյմը, հանրային կապերու վարչութեան պետ Սլավկա Զպոռովիանովան, ծրագիրի պատասխանատու Ատիպա Ասատովան եւ թարգմանիչ Արտաշէս Էմինը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց կազմակերպութեան իրականացուցած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Գործը, որով զբաղւում էք շատ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ այսօրուայ անհանգիստ աշխարհում: Տպաւորիչ են ՄԱԿ-ի տուեալները, ըստ որոնց աշխարհի իւրաքանչիւր 285-րդ մարդը միգրանտ է: Սիրիական պատերազմի հետեւանքով հազարաւոր սիրիահայեր ապաստան գտան Հայաստանում, նրանց մեծ մասը հաստատուեց այստեղ: Հասարակութեան մէջ նրանց ինտէգրման համար առաջնային են աշխատանքի, կեցութեան, կրթութեան, վերապատրաստման խնդիրները, որոնց լուծմամբ զբաղւում է Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովը: Հայաստանի համար շատ կարեւոր եւ կենսական նշանակութիւն ունեն ներդրումները, ինչը հնարաւորութիւն կը տայ աշխուժացնել տնտեսութիւնը, աշխատատեղեր ստեղծել, կանգնեցնել արտագաղթը: Ստեղծում ենք «Մէկ պատուհանի սկզբունքով» կառոյց, որտեղ հասարակական կարգով կը ներգրաւուեն յայտնի տնտեսագէտներ, սփիւռքի ներկայացուցիչներ, յայտնի գործարարներ: Սփիւռքահայ գործարարներին բիզնես ծրագրեր, իրաւաբանական խորհրդատուութիւն կ’առաջարկուի, կ’օգնեն գրանցել բիզնեսը: Տեղեկատուական հարթակ կը ստեղծուի, կը մշակուի ՀՀ օրէնքների վերաբերեալ հակիրճ եւ ամփոփ տեղեկատուութիւն, կը տարածուի սփիւռքում: Կարող ենք եղած բիզնես ծրագրերը հասցել միջազգային մակարդակի: Այս ամէնի մասին անհրաժեշտ է խօսել բաց, թափանցիկ, որովհետեւ մեր աշխատանքին հետեւում է աշխարհի 10 միլիոն հայութիւնը: Կարծում եմ յաջորդ հանդիպմանը կոնկրէտ արդիւնքներ կ’ունենանք»:

Գաղթականութեան քաղաքականութեան զարգացման միջազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Գաբրիէլա Ապատոն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, հաւանութիւն տուաւ ներկայացուած նախագծերուն ու ծրագիրներուն, պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխոյժ համագործակցելու նախարարութեան եւ պետական միւս կառոյցներուն հետ: Ան համառօտ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, նպատակներն ու խնդիրները, համոզմունք յայտնեց, որ յառաջիկայ հանդիպումներուն ժամանակ գործնական քայլեր կ’առնուին համատեղ ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ:

Քննարկուեցան նաեւ Եւրոպայի մէջ հայերու ազգային, մշակութային ինքնութեան պահպանման, զբօսաշրջութեան, հիւրանոցային գործարարութեան զարգացման հեռանկարները:

 

Scroll Up