«Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար». Սարատովի «Կռունկ» Հայկական Համայնք

Սարատովի մարզի «Կռունկ» հայկական համայնքը կը միանայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան:

Սարատովի մարզի «Կռունկ» հայկական համայնքը ստեղծման առաջին իսկ օրէն աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Սարատովի մէջ լաւագոյն աւանդոյթներու պահպանման եւ հայկական մշակոյթի տարածման գործին մէջ: Համայնքը կ’աշխատի  քանի մը ուղղութիւններով: Համայնքի ղեկավարներ Համլէթ Շառոյեանի եւ Արայիկ Քոսեանի, ինչպէս նաեւ համայնքային խորհուրդի բոլոր անդամներու աջակցութեամբ` կը գործէ հայկական դպրոց, պարախումբ, երգչախումբ, թատերական արուեստանոց, աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ երիտասարդական կազմակերպութիւնը:

«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկակա՛ն շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:

Անի Սարգիսեան

ՍարատովՍարատով1

Scroll Up