Պրիւքսէլի ՄԷջ Կայանալիք «Արցախեան Օրեր»-ուն Պիտի Մասնակցի Նաեւ Բակօ Սահակեան
Նոյեմբեր 16-19-ը «Արցախեան օրեր 2016»-ի ծիրէն ներս Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:
Չորս օրերուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան քաղաքական եւ մշակութային շարք մը ձեռնարկներ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ եռօրեայ ցուցահանդէս, որուն նպատակն է Պելճիգայի եւ Եւրոմիութեան հասարակութեան ներկայացնել Արցախի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները, ցոյց տալ եւ իրազեկել ճամփորդական գրասենեակներուն` Ղարաբաղը այլընտրանքային զբօսաշրջութեան վայր ըլլալու իրականութիւնը` իր խոհանոցով, բազմադարեայ աւանդոյթներով ու մշակութային ժառանգութեամբ:Պիտի ցուցադրուին նաեւ Արցախի արտադրութեան նմուշներ եւ ուտելիքներու տեսականի:
Նշենք նաեւ, որ Արցախէն մեծ թիւով պատուիրակութիւն կը սպասուի` Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, որ այդ օրերուն հանդիպումներ կ’ունենայ քաղաքական դէմքերու հետ:
Արցախեան օրերը կը փակուին հայ մշակութային տան կայանալիք տօնական համերգ-խնճոյքով ուր կը ներկայանան «Արցախի ձայներ» խումբի մեներգիչները:
Արցախեան օրերուն նպատակն է Եւրոպային ցոյց տալ Ղարաբաղի իրականութիւնը, որ Ղարաբաղ միայն հակամարտութիւն չէ, այլ` դարերու խորքէն եկած ժառանգութեամբ երիտասարդ հանրապետութիւն, որն այսօր կը կառուցէ իր ժողովրրդավար երկիրն ու ապագան: