ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Իսրայէլահայ Խեցեգործ, Գործարար Նշան Պալեանը Եւ Անոր Տիկինը

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց իսրայէլահայ խեցեգործ, գործարար Նշան Պալեանը եւ անոր տիկինը` Սիպա Պալեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհաւորեց խեցեգործ Պալեաններու մեծ հայրենակիցի` Կոմիտասի անուան թանգարան հիմնարկի կազմակերպուած «Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը» ցուցահանդէսի կապակցութեամբ, ուր կը ցուցադրուին Նշան Պալեանի մօր` Մարի Պալեանի եւ Պալեան ընտանիքի աշխատանքները: Սփիւռքի նախարարն իր հիացմունքը յայտնեց գերդաստանի աւանդոյթը շարունակող ու կատարելագործող արուեստագէտի գործունէութեան վերաբերեալ, որ խեցեգործական իրերու գործարաններ ունի Երուսաղէմի եւ Յորդանանի եւ տարածաշրջանին մէջ ոլորտի ճանչցուած ճարտարապետն է: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ Նշանը իր ընտանիքի աւանդոյթները կը փոխանցէ նաեւ Հայաստանի խեցեգործներուն, եւ հայրենիքի մէջ եւս գործարան կը հիմնէ:

Նշան Պալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ իր ընտանիքի ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են Ուաշինկթընի, Պոսթոնի, Սպանիոյ Ալիկանտէ քաղաքին մէջ, Թելաւիւի մէջ, սակայն Կուտինայի Հանճարեղ զաւկի` Կոմիտասի անուան թանգարանի ցուցադրութիւնը բացառիկ էր, ոգեւորող ու պարտաւորեցնող:

Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Երուսաղէմի եկեղեցւոյ գմբէթը վերանորոգելու նպատակով անգլիացիներուն կողմէ Քեոթահիայէն Իսրայէլ տեղափոխուած երեք հայ խեցեգործներու` Օհանեաններու, Գարագաշեաններու եւ Պալեաններու ընտանիքները հիմնեցին իրենց դպրոցն ու գործը, եւ երկու ընտանիքները մինչ այսօր, մէկ դարէ աւելի կը զարգացնեն իրենց արուեստը:

Խեցեգործ վարպետը հպարտութեամբ նշեց, որ այցելելով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, թանգարան-հիմնարկին մէջ գտած է իր հօր` Սեդրակ Պալեանի պատրաստած հայկական զինանշանով պնակը:

Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու հետ կապուած եւ այլ հարցեր:

 

Scroll Up