Սլովաքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Յարգած է Ցեղասպանութէան Զոհերու Յիշատակը
Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի նախագահ Անտրէ Տանքոն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի եւ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի ուղեկցութեամբ Նոյեմբեր 3-ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Անտրէ Տանքոն եւ պատուիրակութեան անդամները Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի անունէն ծաղկեպսակ դրած են Հայոց մեծ եղեռնի յուշարձանին, ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած են Սուրբ նահատակներու յիշատակը:
Հիւրերը եղած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Հայոց ցեղասպանութիւնը հաւաստող փաստաթուղթերուն ու վաւերագիրներուն, գրառում կատարած յուշամատեանին մէջ:
Անտրէ Տանքոն, կիսելով իր տպաւորութիւնները, նշած է. «Վշտակցելով եւ մեծ յարգանքով խոնարհելով այս յուշարձանին առաջ` ես երբեք չեմ փորձեր թաքցնել արցունքներս»: