Գերմանաբնակ Թուրք Պատգամաւոր. «Յունիս 2-ին Պունտեսթակը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»
Գերմանիոյ «Կանաչներ» (Die Grüne) կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիրը համոզմունք յայտնած է, որ Պունտեսթակը Յունիս 2-ին պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Deutsche Welle»-ի թրքական ծառայութեան փոխանցմամբ` Օզտեմիր թեմային անդրադարձած է DW TV-ի «Conflict Zone» հաղորդման ընթացքին: Ան նշած է, որ իրենք ամէն ինչ կ’ընեն, որպէսզի կառավարութիւնը ընդունի, որ 1915թ. Օսմանեան կայսրութեան մէջ 100 հազարաւոր հայերու սպանութիւնը հէնց ցեղասպանութիւն եղած է:
«Յունիս 2-ին` 100 տարի շարունակ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելէ յետոյ, Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանը որոշում պիտի կայացնէ այն մասին, որ ատիկա ցեղասպանութիւն եղած է եւ Գերմանիան ալ, որպէս Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից, նոյնպէս որոշակի պատասխանատուութիւն կը կրէ ատոր համար», ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` -ըսած է պատգամաւորը:
Օզտեմիր նշած է նաեւ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած բանաձեւի նախագիծը մշակուած է «Քրիստոնէա-դեմոկրատական» կուսակցութեան հետ համատեղ:
Նշենք, որ անցեալ տարի եւս Պունտեսթակի օրակարգ բերուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը նախատեսող բանաձեւ, որուն ընդունման խոչնդոտած էին Գերմանիոյ «Քրիստոնէական միութիւն» (CDU/CSU) եւ «Սոցիալ –դեմոկրատական» (SPD) կուսակցութիւններու խորհրդարանական խումբերը:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուկը եւ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած իրենց ելոյթներուն ժամանակ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: