Հալէպաբնակ Հայեր Կ՛արտայայտուին

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, հա­յը կայք հաս­տա­տե­լով Սուր­իոյ մէջ վե­րա­կազ­մա­կեր­պեց ու ծաղ­կե­ցուց իր եկե­ղե­ցա­կան եւ հա­մայն­քա­յին կեան­քը` դառ­նա­լով սուր­ի­ա­կան խճան­կա­րին ան­բա­ժան մէկ մա­սը: Ան արաբ իր եղ­բայր­նե­րուն հետ երկ­րի վե­րել­քին նպաս­տող կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ եւ կը շա­րու­նա­կէ ու­նե­նալ: Հա­կա­ռակ տի­րող իրա­վի­ճա­կին, պա­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րուն ու անոր պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րուն, սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը ամ­րօ­րէն կառ­չած կը մնայ իր ար­մատ­նե­րուն եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն:

Բնա­կա­նա­բար իւ­րա­քան­չիւ­րիս հա­մար կը տար­բե­րի ար­մատ­նե­րէն հե­ռա­նա­լու, լքե­լու, գաղ­թե­լու, երախ­տա­պարտ ըլ­լա­լու, ար­ժա­նա­պա­տուու­թեամբ ապ­րե­լու, գա­ղութ պա­հե­լու եւ անոր տէր ու տի­րա­կան դառ­նա­լու հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը, ըմբռ­նում­ներն ու գործ­նա­կան քայ­լե­րու դի­մե­լու եղա­նակ­նե­րը:

Այս իրա­վի­ճա­կին մէջ հասկ­ցողն ու չհասկ­ցո­ղը, գի­տունն ու տգէ­տը, տրա­մա­բա­նողն ու չտ­րա­մա­բա­նո­ղը, վեր­լու­ծողն ու վեր­լու­ծել չգիտ­ցո­ղը, իր ըն­տա­նի­քի հար­ցե­րը հա­զիւ լու­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցողն ու չու­նե­ցո­ղը, մէ­կը շու­կա­յա­կան ոճով, միւ­սը քիչ մը աւե­լի «քա­ղա­քա­վար», ու­րիշ մը աւե­լի զգօն, շռն­դա­լից յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով «պա­տէ պատ» զար­կին «իր երի­տա­սարդ­նե­րուն եւ  ան­մեղ մա­նուկ­նե­րուն ար­եան գնով» գա­ղու­թը պա­հող տեղ­ւոյն եկե­ղե­ցա­կան, կու­սակ­ցա­կան, ազ­գա­յին եւ հա­մայն­քա­յին ղե­կա­վա­րու­թիւնը, այ­պա­նե­ցին հայ­րե­նի պե­տու­թեան եւ Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թեան լո­զուն­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, աւե­լի ուշ ջուր թա­փե­ցին ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու սուր­ի­ա­հա­յու­թեան տրա­մադ­րած տար­բեր տե­սա­կի օժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն վրայ:

Այ­սօր­ուան տու­եալ­նե­րով եւ յետ եր­կա՜ր, ամօ­թա­լի եւ խլա­ցու­ցիչ «ծակ փի­լի­սո­փա­յու­թիւն­ներ»ուն, իրո­ղու­թիւնը կը մնայ այն, որ Սուր­իա ընդ­հան­րա­պէս եւ Հա­լէպ յատ­կա­պէս բնա­կող ոչ մէկ հայ ան­հա­տի պար­տադր­ուած է մնալ երկ­րին մէջ: Ոչ ոք կը մտա­ծէ խա­փա­նել անոր գաղ­թի ծրա­գի­րը, որով­հե­տեւ առաջ­նոր­դա­րանն ու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը բա­ցի մկր­տու­թեան վկա­յա­գի­րէն ու­րիշ վա­ւե­րա­թուղթ չու­նին տա­լիք դիւ­րաց­նե­լու հա­մար գաղ­թել ցան­կա­ցո­ղին գաղ­թի ծրա­գի­րը: Սուր­իոյ հար­ցե­րու առա­ջին օրէն իսկ շատ յս­տակ բա­նա­ձեւ­ուած էր յայ­տա­րա­րու­թիւնը թէ` մենք մնա­ցո­ղին թեւ եւ թի­կունք ենք, իսկ գա­ցո­ղին աղօ­թող եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թող: Մեզ­մէ պա­հանջ­ուա­ծը յար­գել է մէկս միւ­սին կար­ծիքն ու պայ­ման­նե­րը` առանց վի­րա­ւո­րան­քի:

Թէ ինչ­պէ՛ս կը բա­ցատ­րեն հա­լէ­պաբ­նակ մեր բա­րե­կամ­նե­րը Հա­լէպ մնա­լու իրենց ազատ որո­շումն ու յոյ­սով տո­գոր­ուած կամ­քը, հե­տե­ւինք.-

Կր­թա­սի­րաց «Յա­րու­թիւն­եան» ման­կա­պար­տէ­զի տնօ­րէ­նու­հի Մար­գա­րիտ Շա­միլ­եան (բնիկ հա­յաս­տան­ցի, որ երե­սուն տարիէ ի վեր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րու բե­րու­մով հաս­տատ­ուած է Հա­լէպ) վճ­ռա­կա­մու­թեամբ կը պն­դէր, որ մեր ար­դար իրա­ւունքն է եւ մեր պար­տա­ւո­րու­թիւնն է պա­հել մեր կա­ռոյց­նե­րը: Այն­պէս ինչ­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք մար­դիկ իրենց ամ­բողջ ու­նե­ցա­ծը յատ­կա­ցու­ցին, սե­րունդ­նե­րուն հա­մար ամէ­նէն էա­կան եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն կա­ռոյ­ցը` դըպ­րո­ցը հիմ­նե­լով: Տի­կին Մա­գա­րիտ կը հաս­տա­տէր.« Հա­ւա­նա­բար մենք սուղ վճա­րենք, բայց մենք պէտք է պայ­քա­րինք: Այս պայ­քա­րը մեզ ոչ ոք կը պար­տադ­րէ: Մէկ կողմ դնենք հր­թի­ռը, հրա­սան­դը, կա­զի տա­կա­ռը, վա­խը, ասի պա­տե­րազ­մի մէկ ան­կիւնն է, ամէ­նա­դա­ժա­նը, սա­կայն վեր­ջին հա­շուով բո­լորս ալ կ՛ու­զենք նուազ վնա­սով դուրս գալ. մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր պայ­ման­նե­րը, ու­րեմն զգոյշ ըլ­լանք եւ խն­դիր­ներ չհա­րու­ցենք, ձգենք որ մար­դիկ հան­գիստ առ­նեն իրենց որո­շում­նե­րը: Մեր բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեամբ եւ բա­րի մաղ­թանք­նե­րով փոր­ձենք մեղ­մաց­նել անոնց լսած թն­դա­նօ­թին ձայ­նը եւ խլաց­նենք ար­կե­րու եւ հրթիռնե­րու ձայ­ները: Իսկ եթէ կան մար­դիկ, որոնք օգ­նու­թեան կա­րիք ու­նին, կամ անոնց ջղա­յին հա­մա­կար­գը չի տա­նիր պա­տե­րազ­մին ահա­ւո­րու­թիւնը կամ ու­նին ինչ-ինչ հար­ցեր, կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ, որոնք օգ­նու­թիւն կ՛առա­ջար­կեն. խն­դիր չկայ թող օգտ­ուին, միայն հա­մոզ­ուած ըլ­լան եւ գիտ­նան, թէ ուր կ՛եր­թան եւ զգոյշ, որ յան­կարծ օդա­նա­ւա­յին հե­ռա­ւո­րու­թիւնը ար­մա­տա­խիլ չը­նէ մեզ: Եթէ որո­շած են ան­պայ­ման եր­թալ թող ուղ­ղու­թիւնը ըլ­լայ հայ­րե­նի­քը, եթէ նոյ­նիսկ կան­գառ է թող ըլ­լայ հայ­րե­նի­քը, որով­հե­տեւ հոն է, որ իր զա­ւա­կը հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւն կը ստա­նայ եւ հա­յե­րէն կը խօ­սի, իսկ երբ փա­փա­քի վե­րա­դառ­նալ իր ծնն­դա­վայ­րը այդ ժա­մա­նակ աւե­լի հեշտ կ՛ըլ­լայ, սա­կայն երբ ովկ­ի­ա­նոս կը կտ­րես վե­րա­դառ­նա­լը աւե­լի դժ­ուար է եւ ինչ որ ան­կա­րե­լի:

Կը հա­ւա­տանք, որ ամէն ինչ վերջ ու­նի, եւ այդ վե­ջը կր­նայ ցա­ւա­լի ըլ­լալ ին­ծի հա­մար, բայց ան­պայ­ման լու­սա­ւոր է ու­րիշ­նե­րու հա­մար:

Ճիշդ է, որ դուր­սը եղո­ղին հա­մար պատ­կեր­նե­րը սար­սա­փե­լի են, բայց անզ­գոյշ ձե­ւով վար­ուիլ մնա­ցող­նե­րուն հետ եւ կրա­կին վրայ վա­ռե­լա­նիւթ աւելց­նե­լը կը կար­ծեմ աւե­լի վատ է, որուն պատ­ճա­ռաւ յա­ռա­ջա­ցած հո­գե­կան ճն­շու­մը կը քայ­քա­յէ ըն­տա­նե­կան ներ­քին սր­բու­թիւնն ու խա­ղա­ղու­թիւնը: Հոն ուր ընե­լիք չու­նիս եւ երբ օգուտ չես կր­նար բե­րել աւե­լի լաւ է լռել եւ չմի­ջամ­տել:

Եթէ քա­ղա­քա­գէտ­ներ կը դժ­ուա­րա­նան ապա­գան ճշ­դել եւ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րով կը խօ­սին, հա­պա ինչ­պէս մենք կր­նանք ու­րիշ­նե­րու կեան­քին յս­տակ աւարտ տալ, դրա­կան կամ բա­ցա­սա­կան տե­սա­կէտ­նե­րով:

Եթէ կեան­քը ամ­բող­ջու­թեամբ վերց­նենք որ­պէս գորշ գոյ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ, մէկ կա­թիլ բա­րու­թիւնը խառ­նե­լով այդ գոյ­նե­րուն, բո­լո­րո­վին ու­րիշ պատ­կեր կր­նանք ստա­նալ, հա­ւա­տանք բա­րի մօ­տե­ցու­մին եւ հա­ւա­տանք որ բա­րին պի­տի յաղ­թէ»:

Շա­ղիկ Սրուր­եան (Հա­լէ­պի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Կեն­սա­բա­նու­թեան բաժ­նի ու­սա­նո­ղու­հի, «Գան­ձա­սար»ի կայ­քէ­ջի պա­տաս­խա­նա­տու) բա­ցար­ձա­կա­պէս կը մեր­ժէ Հա­լէ­պէն հե­ռա­նա­լու գա­ղա­փա­րը: Ան ինք­զինք չի պատ­կե­րացներ իր ըն­տա­նի­քէն, ու­սու­մէն, աշ­խա­տան­քէն, միու­թե­նա­կան կեան­քէն, ըն­կեր­նե­րէն հե­ռու մի­ջա­վայ­րի մէջ: Չի կր­նար հա­մոզ­ուիլ այն գա­ղա­փա­րին հետ, որ մոռց­նել պի­տի տայ իր բո­լոր ապ­րում­նե­րը, յոյ­սե­րը, երազ­նե­րը, նոյ­նիսկ դառն դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը եւ այս բո­լո­րը ետին ձգե­լով հե­ռա­նայ:

Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ար­ձա­նագ­րուող հա­յազ­գի մեր նա­հա­տակ­նե­րուն լու­րը ինչ­պէս բո­լորս այն­պէս ալ Շա­ղի­կը ցն­ցած էր, ապ­րած էր խար­խա­փու­մի վայրկ­եան­ներ, սա­կայն քիչ անց երբ իր հո­գե­կան ան­դոր­րու­թիւնը վե­րագ­տած էր, ար­դէն ձեր­բա­զատ­ուած ճն­շող գա­ղա­փար­ներէն հա­մոզ­ած ինքն իրեն, թէ իր որո­շումն է իրեն հա­մար ճիշդն ու լա­ւա­գոյ­նը:

Շա­ղիկ եր­բեք չ՛այ­պա­ներ Հա­լէ­պէն հե­ռա­ցող­նե­րը, ընդ­հա­կա­ռա­կը կը մտա­ծէ, որ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իրեն հա­մար յար­գե­լի պատ­ճառ­ներ եւ պայ­ման­ներ: Շա­ղի­կին հա­մար, եւ որ­պէս ժա­ռան­գորդ հա­րիւ­րամ­եայ սե­րուն­դի, անըն­դու­նե­լի է լքել մայր գա­ղու­թը, ոչն­չաց­նել անոր պատ­մու­թիւնն ու ինք­նու­թիւնը, ոչն­չաց­նել ցե­ղաս­պա­նու­թեան վկա­յա­րա­նի պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւնը, կեան­քե­րը գրո­ղը Աստ­ուած է, իսկ իւ­րա­քան­չիւր յաղ­թա­նակ գին ու­նի:

Սո­նա Ղա­զար­եան (Հա­լէ­պի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի, լեզ­ուի ու­սում­նա­րա­նի, անգլերէն բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու).- Սո­նան իր խօս­քը սկ­սաւ ըսե­լով, որ մենք պատ­կա­նե­լիու­թեան պա­կաս ու­նինք, մենք այս երկ­րին մէջ ծնած, մեծ­ցած եւ աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած ենք, սա­կայն մեզ­մէ շա­տեր ապե­րախտ գտն­ուե­ցան: Սուր­իոյ լաւ պայ­ման­նե­րուն վա­յե­լե­ցին անոր բա­րիք­նե­րը, իսկ երբ եր­կի­րը հիւան­դա­ցաւ խու­ճապ ստեղ­ծե­ցին եւ փա­խուստ տուին երկ­րէն: Ան աւելց­նե­լով ըսաւ, թէ մար­դա­սէր արեւ­մուտ­քը օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րեց դուրս ել­լել փա­փա­քող­նե­րուն եւ իր մօտ հաս­տա­տուող­նե­րուն գոր­ծի առիթ­ներ հրամ­ցուց, գոր­ծեր, որ իր տե­ղա­ցի բնիկ ժո­ղո­վուր­դը կը դժ­ուա­րա­նայ աշ­խա­տիլ: Սո­նան կը մտա­ծէ, որ օժան­դա­կու­թեան այդ գու­մար­նե­րը, որ Սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րէն տրա­մադր­ուե­ցան սուր­ի­ա­հա­յութ­եան, աւե­լի լաւ կ՛ըլ­լար եթէ տրա­մադր­ուէ­ին թէժ շր­ջան­նե­րու մէջ գտ­նուող սուր­ի­ա­հա­յե­րուն, Սուր­իոյ ծո­վա­փի շր­ջան փո­խադ­րե­լու, զանոնք որ հա­մար­եա՛ աւե­լի ապա­հով շր­ջան է, եւ հոն բնա­կա­րան­ներ, գոր­ծի առիթ­ներ եւ բար­ւոք պայ­ման­ներ ստեղ­ծէ­ին քան թէ գա­ղու­թը պար­պե­լու մա­սին մտա­ծէ­ին:

Ան կը մտա­ծէ, որ Հա­լէ­պէն հե­ռա­ցող­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը իր հասկ­նա­լի պատ­ճա­ռը ու­նէր, սա­կայն կը խնդ­րէ քա­ո­սա­յին վի­ճակ չըս­տեղ­ծել եւ ահա­զանգ չհն­չեց­նել` խու­ճա­պի մատ­նե­լով ներս եղո­ղը:

Հա­կա­ռակ Հա­լէ­պի վեր­ջին տա­րի­նե­րու ծանր պայ­ման­նե­րուն, Հա­լէ­պի հա­մալ­սա­րա­նը քա­նի մը օրով միայն կա­սե­ցուց իր աշ­խա­տան­քը, Սո­նան կը հա­ւա­տայ, որ մնա­լը իրեն հա­մար ճշգ­րիտ որո­շումն է:

Կա­րօ Սա­հակ­եան (ըն­տա­նի­քի հայր: Ան Հա­լէ­պի հար­ցե­րու առա­ջին օրէն իր պա­հես­տա­նո­ցը ամ­բող­ջու­թեամբ կորսն­ցու­ցած է) կ՛ըսէ, թէ մարդ արա­րա­ծի գո­յա­տեւ­ման հա­մար հիմ­նա­կան եր­կու տու­եալ­նե­րը` անա­պա­հո­վու­թիւնն ու տն­տե­սա­կան պայ­ման­նե­րը չկան: Այ­սօր­ուան պայ­ման­նե­րով պատ­կե­րը տխուր է եւ ող­բեր­գա­կան, թէ՛ ներ­քին, թէ՛ ար­տա­քին մա­կար­դակ­նե­րու վրայ երկ­խօ­սու­թեան եւ ան­կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­կա­սը զգա­լի է: Ան կը հա­ւա­տայ որ մեր երկ­րին մէջ պա­տա­հա­ծը դի­մա­կա­յե­լը հա­մայն­քա­յին կա­րո­ղու­թե­նէն վեր է, հա­մաշ­խար­հա­յին հարց է, հիմ­նա­կան նպա­տա­կը շր­ջա­նը քրիս­տոն­եայ տար­րէն պար­պելն է եւ մենք ան­գի­տակ­ցա­բար հե­տե­ւե­ցանք այդ հո­սան­քին: Ապա­տե­ղե­կա­տուու­թիւնը մեծ դեր ու­նե­ցաւ մեր այս կացութեան մէջ, ակա­մայ տա­րա­ծե­ցինք իրենց սիս­թե­մա­թիք ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, որ կը մի­տէր գա­ղու­թը պար­պել: Ան կը հա­ւա­տայ, որ տն­տե­սա­կան պայ­ման­նե­րը հիմ­նա­կան են գաղ­թը կա­սեց­նե­լու, հե­տե­ւա­բար կա­րե­ւոր է գոր­ծի առիթ­ներ ստեղ­ծել:

Կա­րո­յին հա­մար քե­սա­պի ժո­ղո­վուր­դին հո­ղին կառ­չած մնա­լու գա­ղա­փա­րը եւ պատ­կա­նե­լիու­թեան զգա­ցու­մը գերգ­նա­հա­տե­լի է, իսկ մենք հա­լէ­պա­հա­յերս ցն­ցու­մի առա­ջին վայրկ­եա­նէն իսկ հա­ւաք­ուե­ցանք եւ քա­լե­ցինք: Ան կը մտա­ծէ, որ եթէ կազ­մա­կերպ­ուած ըլ­լար հա­յութ­եան փո­խադ­րու­մը դէ­պի հայ­րե­նիք աւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ պի­տի ըլ­լար թէ՛ հայ­րե­նի­քին եւ թէ մեզ` ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար, որով­հե­տեւ սուր­ի­ա­հա­յը միշտ ալ աշ­խա­տա­սէր, շի­նա­րար եւ կա­ռու­ցող եղած է: Ան վս­տա­հե­լով Տի­րոջ կամ­քին կը շա­րու­նա­կէ մնալ Հա­լէ­պի մէջ, սա­կայն իր խնդ­րանքն է, որ բո­լորս ալ զգոյշ ըլ­լանք մեր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ առաջ­նորդ­ուինք հա­մա­գոր­ծակ­ցութ­եան եւ երկ­խօ­սու­թեան գա­ղա­փար­նե­րով:

Կը հա­ւա­տանք, որ Սփիւռ­քը մտա­հոգ է սուր­ի­ա­հա­յու­թեան իրա­վի­ճա­կով, անոր հա­մար Սուր­իոյ հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն եւ հա­մազ­գա­յին խն­դիր է: Թող որ այս յանձ­նա­ռու­թեամբ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը գործ­նա­պէս մաս­նա­կից դառ­նան Սուր­իոյ հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տան­քին փո­խա­նակ կա­րեկ­ցան­քի եւ ան­պա­տաս­խա­նա­տու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով տո­գոր­ուած վտան­գեն մնա­ցո­ղին սիրտն ու հո­գին:

Սեւան Շահպազեան

Գանձասար

Scroll Up