ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/logo.jpg)
Հոկտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները: Խորհրդակցութեան ներկայ էր նաեւ Մոսկուայի «Ժամ» ամսագիրի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Աննա Գիվարկիզեանը:
Նախարարը ներկայացուց ՀՀ վարչապետի յանձնարարականները` գերատեսչութեան աշխատանքի գերակայ ուղղութիւններով նախատեսուած ժամկէտային աշխատանքային ծրագիրներու կատարման ճշգրիտ ձեւակերպումները եւ յստակ քայլերը ներկայացնելու վերաբերեալ, ծրագիրի իւրաքանչիւր քայլը ամրագրելով լուծումներով:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն յանձնարարուեցաւ ներկայացնել հաստատ առաջարկութիւններ ներդրումային ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ` յանձնարարականներու կատարման ժամկէտները առաւելապէս սեղմելու եւ աշխատանքի որակը բարձրացնելու վերաբերեալ: Նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: