Դեսպան Մկրտչեանի Հանդիպումը Լիբանանի ԱԳ Նախարար Ճըպրան Պասիլի Հետ

Հոկտեմբեր 25-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ճըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպման կողմերը զրոյց ունեցան երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի բազմաթիւ հարցերու եւ համագործակցութեան յետագայ զարգացման ու խորացման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն վերաբերեալ: Այս առումով կարեւոր համարուեցաւ լիբանանահայ համայնքի դերակատարութիւնը, որ աշխուժօրէն ներգրաւուած է Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս  համագործակցութեան աշխուժացման շուրջ:

Հանգամանալից անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն առնչուող շարք մը հարցերու:

Scroll Up