Մոնթէվիտէոյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածի Անունով Հրապարակ Կոչուած է

Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետարանին որոշումով եւ Փենեարոլ թաղամասի բնակիչներուն խնդրանքով, Հոկտեմբեր 21-ին, թաղամասի գլխաւոր հրապարակներէն մէկը անուանակոչուած է Մարթին Տէրեանի անունով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներէն էր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արաքս» ռատիոկայանը։

Մարթին Տէրեան ծնած է 1913 թուականին Մարաշ, մահացած` 2006 թուականին Մոնթեվիտէօ: Ցեղասպանութենէն փրկուելով եւ հաստատուելով Ուրուկուէյ` Փենեարոլ թաղամասին մէջ հիﬓած է խանութ, որ կ՝աշխատի 40 տարիէ ի վեր: Տէրեանն ու իր տիկինը մշտապէս օգնութեան ձեռք մեկնած են թաղամասի չքաւոր երեխաներուն` տարրական սնունդ հայթայթելով անոնց համար:

Հրապարակի բացման արարողութեան նշուած է, որ Փենեարոլի բնակիչները չեն կրնար մոռնալ այդ օգնութիւնը, իսկ հրապարակի անուանափոխումով՝ անոնք վառ կը պահեն Մարթին Տէրեանի յիշատակը: Մարթին Տէրեան 90-ականներուն ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր: Անոր վկայութիւններով՝ ստեղծուած է փաստավաւերագրական ֆիլմ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան:

Scroll Up