Բակօ Սահակեանն Ու Վիգէն Սարգսեանը Քննարկած Են Բանակաշինութեան Վերաբերող Շարք Մը Հարցեր

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան այսօր ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ Մովսէս Յակոբեանը եւ ՀՀ Նախագահի խորհրդական, Նախագահի գլխաւոր ռազմական տեսուչ Միքայէլ Յարութիւնեանը:
Հանդիպման, որուն կը մասնակցէր ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահը շնորհաւորած է Վիգէն Սարգսեանը ու Մովսէս Յակոբեանը պատասխանատու պաշտօններու մէջ նշանակուելու կապակցութեամբ եւ մաղթած մեծագոյն յաջողութիւններ բանակի շարունակական զօրացման, երկրի պաշտպանողականութեան ամրապնդման գործին մէջ: