Սթրազպուրկի Մէջ Հալէպահայութեան Զօրակցութեան Քայլարշաւ

Անցեալ շաբաթավերջին, Ֆրանսայի Ալզաս շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները քայլարշաւ մը կազմակերպեցին, յայտնելով իրենց զօրակցութիւնը՝ Հալէպահայութեան:

Հայորդի ցուցարարները քալեցին Եւրոպական խորհուրդի, Եւրոպական դատարանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի շէնքերուն մօտէն, պարզելով «1915-2016. Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի», «Եւրոպան պէտք է գործէ», «Փրկէ՛ Հալէպը» գրութիւններով պաստառներ: Հայ համայնքին միացած են նաեւ Սթրազպուրկի ասորիներու համայնքի ներկայացուցիչներ:

Քայլարշաւին մասնակիցները նաեւ պարզած են Հալէպի մէջ, վերջին օրերուն, կոյր ռմբակոխումներու պատճառով մահացած հայերուն լուսանկարները, եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Scroll Up