Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ թէ ո՛վ, ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս նեցուկ կանգնեցաւ սուրիահայութեան. Զարմիկ Պօղիկեան
Հալէպի «Գանձասար» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը գրէ.
Հալէպահայ համայնքին դէմ ապատեղեկատուական արշաւի ձեռնարկողներու շարանը սկսաւ պարզուիլ: Ցաւօք հայատառ բայց հայութեան ու հայկականութեան հաւաքական շահերու գիտակցութենէն բոլորովին զուրկ լրագիրներ, երբեմն աղմուկ ստեղծելով ընթերցողներու թիւ բազմացնելու, երբեմն ուղղորդուած սուրիահայ համայնքը նսեմացնելու, առանց գաղափար անգամ ունենալով, թէ սուրիահայերը տագնապի ամենածանր պայմաններուն մէջ իսկ ինչպէս բարձր պահած են իրենց արժանապատուութիւնը, շարունակած են վայելել երկրի բնակչութեան բոլոր բաղադրիչներուն յարգանքը, իրար նկատմամբ վստահութիւնը, կը կրկնեմ ցաւ ի սիրտ, գռեհկութեան մակարդակով ոչ միայն ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն, այլեւ ամէն ջանք կը թափեն հալէպահայութեան ցաւը շահագործելով համայնքի տապալումին նպաստելու, օգտագործելով, յատկապէս Միջին Արեւելքի թոհուբոհին ականատեսները եղող սուրիահայերուս յայտնի միջոցներ, որ մեծ գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար այստեղ թուելով.
1- Հանրութեան մօտ իր ղեկավարներուն նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտ ստեղծել.
2- Մարդոց տնտեսական ծանր վիճակը օգտագործելով տեւաբար ակնկալողի ու իբրեւ թէ այդ ակնկալութիւններուն համապատասխան օգնութիւնները չստացողի խեղճացած ու անիրաւուած վիճակի մէջ ներկայացնել.
3- Մեր մամուլին մէջ իսկ զետեղուած պատկերները օգտագործելով իրականութիւնները շրջուած ներկայացնել՝ այս անգամ ոչ միայն հալէպահայութեան, այլեւ ողջ հայաշխարհի հանրային կարծիքը այնպէս մը շեղելու, որ նպաստներն անգամ անիմաստ ու անօգուտ թուին ու դադրին:
4- Համայնքը ներկայացնել որպէս անկազմակերպ, անտէր ու լքուած համայնք, որպէսզի հնարաւորինս պարարտ հող ստեղծուի ապատեղեկատուութեան ընդհանրացման համար:
Ո՛չ պարոնայք ու կանայք,
Մենք պիտի չխօսինք ձեր գռեհիկ լեզուով, պիտի չօգտագործենք ձեր օգտագործած բառամթերքը, պիտի չնսեմանանք այն աստիճան, որ մեր էութիւնը ռումբերով ու կազի տակառներով չէզոքացնելու ու մեզ պառակտելու համար օր ու գիշեր պայքարողներու ջաղացքին ջուր լեցնենք:
Մենք պիտի պատասխանենք մեր ազնիւ աշխատանքով, մեր միասնականութեամբ, փոխադարձ վստահութեան ու յարգանքի մթնոլորտի ամրագրումով ու մեր ցաւը պիՀալէպիտի վերածենք վերակազմակերպման ուժի, հայավարի խօսքի, իրար օգնելու, յարգելու եւ իրար նեցուկ կանգնելու հսկայածաւալ աշխատանքի:
Ու պատմութիւնը պիտի արձանագրէ թէ ո՛վ, ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս նեցուկ կանգնեցաւ սուրիահայութեան:
Յ.Գ.: Պատերազմի մէջ մեր ամենախեղճն անգամ ապրեցաւ ու պիտի շարունակէ ապրիլ արժանապատուութեամբ, սուրիահայ համայնքին պատկանելու հպարտութեան ու երախտագիտութեան զգացումով: