Նուպար-Էմանուէլ Տոլմաճեան. Այս Ցուցահանդէս-Տօնավաճառը Հայրենիք-Սփիւռք Միասնականութեան Դրսեւորում Է

«Հայերն այսօր» պարբերականը կը շարունակէ իր էջերուն վրայ ներկայացնել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած եւ արդէն աւանդական դարձած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառի մասնակիցները:

Նուպար-Էմանուէլ Տոլմաճեան 1.5 տարի առաջ տեղափոխուած է Հայաստան: Ազգային վարժարանի տնօրէն, Սուրիոյ մէջ գործող հայկական եկեղեցւոյ հաշուապահ…պարոն Տոլմաճեանի կենսագրութիւնը հարուտ է: Այսօր, սակայն, թոշակառու զոյգը աշխատանքային առօրեան փոխարինած են ընտանեկան հանգստութեամբ, իսկ Նուպար-Էմանուէլի տիկինը` ազատ ժամանակը կ’օգտագործէ` արեւելեան քաղցրաւենիքներ պատրաստելով, որ պարբերաբար կը ներկայացնեն նմանատիպ ցուցահանդէս-տօնավաճառներուն:

«Ուրախ եմ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը մեզի նման հնարաւորութիւն կու տայ` միասին հաւաքուելու, նոր դէմքերու հետ ծանօթանալու»,-կ’ըսէ «Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը եւ կ’աւելցնէ, որ նման ձեռնարկները Հայրենիք-Սփիւռք միասնականութեան դրսեւորում են»:

Ի դէպ, Նուպար-Էմանուէլ Տոլմաճեանի երկու որդիները համակարգչային ձեւաւորողներ են, երկուքն ալ իրենց մասնագիտութեամբ կ’աշխատին հայաստանեան ընկերութիւններէն մէկուն մէջ:

 

 

Scroll Up