«Ես Աստուծոյ Եւ Իմ Ազգիս Զաւակներուն Համար Կ’ընեմ Եւ Չունիմ Որեւէ Ակնկալիք». Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեան

80-ամեայ Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեան 16 տարի առաջ հայրենադարձուած է Մարսէլէն ու հաստատուած Արմաւիրի մարզի Ջրաշէն գիւղին մէջ: «1999-ին մէկ ամիսով եկայ Հայաստան, իսկ 2000-ին տուն գնեցի Ջրաշէն գիւղին մէջ եւ մինչ այսօր կ’ապրիմ այստեղ: Ցաւօք, ամուսինս 25 տարի է, որ մահացած է. 4 տղայ եւ 2 աղջիկ ունիմ, 15 թոռնիկ, 3-4 ծոռ. հարուստ եմ ու երջանիկ անոնցմով: Մենք 1966-ին  Պէյրութէն Ֆրանսա գացած ենք: Ես հիմնականին մէջ կար ըրած եմ, ասեղնագործած, երեխաներուս խնամած: Այստեղ` Ջրաշէնի մէջ, երկու տնամերձ ունիմ, իսկ այգի ունեցողը միշտ ալ գործ կ’ունենայ, երբեք պարապ չի մնար»,- կ’ըսէ Սիրան մայրիկը եւ ցաւով կը խօսի  հայ ժողովուրդի անցած տառապալից ճանապարհներուն, սուրիական պատերազմին, կործանուող Հալէպին ու անմեղ զոհերուն մասին, կը յիշէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմական գործողութիւնները, բայց չի խօսիր իր ըրած բարեգործութեան մասին: Եւ, այնուամէնայնիւ, թէեւ դժուարութեամբ, սակայն  կը յաջողիմ  տիկին Սիրանէն պարզելու, որ այս նշխար-հայուհին, ղարաբաղաատրպէյճանական շփման գիծին վրայ ապրիլեան քառօրեայի  դէպքերէն  այնչափ ազդուած, ցանկացած է ինչ- որ կերպ իր մայրական սրտի գորովանքը հասցնել սահմանները պաշտպանող մեր զինուորներուն`  հագուստի կտորներէ բաղկացած կապոցներ ուղարկելով Շամշադին, Հադրութ, Ասկերան, Արալէզ, Եղնիկներ եւ սահմանային այլ տարածքներ: Ամէն անգամ  գումարային տարբեր  չափերու հասնող ապրանքը ան ձեռք  բերած է   Գիւմրիի «Լենտեքս» ձեռնարկութենէն. միայն վերջերս գնած է մօտ կէս միլիոնի ապրանք, սակայն վերջին անգամ գնած ապրանքի որակէն դժգոհ է եւ կը կարծէ, որ հայերուն  մատները արարող են, միտքը `սուր, ստեղծագործ, որ հայերը կրնան  հէ՛նց իրենք հրաշալի հագուստեղէն արտադրել, եւ այլեւս կարիք չըլլար թրքական` որակեալ համարուող  արտադրանք գնելու, ինչպէս նաեւ` աշխատատեղեր կը բացուին: Մեր զրոյցին ընթացքին  այս զարմանահրաշ հայուհին դժուարութեամբ «խոստովանեցաւ» իր ըրած բարեգործութեան մասին, իսկ իմ այն հարցին, թէ արդեօք այդ առիթով իրեն  շնորհակալագիր, պատուոգիր որեւէ կազմակերպութիւն տուա՞ծ է, Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեան պատասխանեց.

«Իմ գործունէութեանս մասին տեղեակ է ՀՕՄ-ը, գիտէ նաեւ «Երկիր մետիա» հեռուստաընկորութիւնը, անոնք պէտք է երթային զօրամաս, իրենց հետ ուղարկեցի կապոցները:  Այդ կապոցներուն մէջ  60-ական  ձեռք ներքնահագուստ, գուլպաներ   դրուած են, կապոցներուն վրայ գրուած է` Դանիէլ Վարուժան, գրուած է իմ հասցէս, անուն-ազգանունս եւ հեռախօսահամարս, որպէսզի կարիքի պարագային գտնեն զիս, ստացական ունենամ, իմանամ, որ այն հասցէատէրերուն  հասած է: Հիմա  ալ ունիմ պատրաստած կապոցներ, սակայն վստահելի մարդ կը փնտրեմ, որ տեղ հասցնէ: Անգամ մը Թալիշէն  զանգահարեցին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին. ես Աստուծոյ եւ իմ ազգիս զաւակներուն համար կընեմ եւ,  ակնկալիք չունիմ, չեմ սպասեր որեւէ գնահատանքի. ես մա՛յր եմ, հայուհի, այդ բոլոր  զինուորները նաեւ իմ զաւակներս են»:

…Սիրան Միսաքեան-Պասմաճեան չըսաւ նաեւ, որ ինք, բացի զինուորներէն, օգնած է իրեն օգնութեան խնդրանքով դիմող շատ կարիքաւորներու, որ իր հանապազօրեայ հացը կիսած է շատ նեղեալներու հետ…այս 80-ամեայ հայուհին իր ապրած կեանքով ու գործով հայրենասիրութեան քալող օրինակ է. ան այն երանելիներէն է, որ, լռելեայն, ձեռք մեկնելով դիմացինին` իր անունը գրած է կեանքի գիրքին մէջ:

Կարինէ Աւագեան

555555

Scroll Up