«Օգնելու Գործը Վարակիչ Եւ Կրկնօրինակուող Պէտք Է Ըլլայ». «Հայորդաց Տան» Ուսուցչուհի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/Մոսկվա.jpg)
Ատրպէյճանի կողմէ ապրիլեան պատերազմի սանձազերծումէն անցած է շուրջ վեց ամիս: Այս ամիսներուն ընթացքին շատ բանի մասին խօսուեցաւ ու գրուեցաւ, բայց բազում օգնութիւններ ալ քրիստոնէաբար չբարձրաձայնուեցան: Ատոնց շարքին կը դասուին նաեւ Մոսկուայի «Հայորդաց տան» կողմէ ՀՀ եւ ԼՂՀ ուղարկուած դրամական կամ հոգեւոր աջակցութիւնները, որոնցմէ մէկուն մասին, այնուամէնայնիւ, որոշեցինք գրել:
Կրթօճախի` Երանուհի Ղազարեանի դասղեկական 3բ դասարանի սաները ամէն ամիս որոշակի գումար կ’ուղարկեն զոհուած մայոր Սուրէն Մելքումեանի ընտանիքին: Չորս որդիներու հայր մայոր Մելքումեան զոհուած է Ապրիլի առաջին իսկ օրերուն, իսկ կինը կը սպասէր հինգերերորդ զաւկին:
«Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ որոշակի գումար մը հաւաքած էին, որն օգնութեան կարգով ուղարկեցինք երեք ընտանիքներու: Ատկէ ետք քննարկման ժամանակ առաջարկ եղաւ «Գրպանի ծախս»-էն ամէն ամիս, մինչեւ եկող տարուան Մայիսը, որոշակի գումար ուղարկել Մելքումեաններու ընտանիքին»,- մեզի հետ զրոյցին ըսին նոյն դասարանի սաներ Կարինէ Գասպարեան եւ Արտեոմ Վարդանեան, որոնք մեր զրոյցի ողջ ընթացքին կը շեշտէին, որ իրենց ըրածը ամենաչնչինն է եւ չարժեր այդ մասին բարձրաձայնել: Սակայն, բարձրաձայնման պատճառը բոլորովին այլ է:
«Այս ամիսներուն ընթացքին սաներս, որոնք մեծամասամբ ուսանողներ են, ոչ մէկուն չեն ըսած Մելքումեաններու ընտանիքին ուղարկուող դրամական օգնութեան մասին: Սակայն ես այն կարծիքին եմ, որ անոնց գործը վարակիչ եւ կրկնօրինակուող պէտք է ըլլայ: Ցանկալի կ’ըլլայ, որ աշխարհի տարբեր ծայրեր ապրող մեր հայրենակիցները գոնէ մէկ տարուան կտրուածքով ամսական թէկուզ մէկ լանչի գումարը յատկացնեն ապրիլեան պատերազմին ինկածներու ընտանիքներուն եւ գոնէ այդ ձեւով որոշ չափով թեթեւցնեն անոնց հոգը: Շնորհակալ եմ ռուսախօս 3բ դասարանիս եւ կը ցանկամ, որպէսզի օրինակը ըլլայ վարակիչ ու որ, ամենակարեւորն է, մեր հայրենիքի երկինքը մնայ կապոյտ, եւ մեր զինուոր-հայրերը թող հերոսանան միայն խաղաղ պայմաններու մէջ, իսկ հայ մայրերու աչքերուն երբեք ցաւի ու կորստեան արցունքներ չըլլան»,- ըսաւ Երանուհի Ղազարեան:
«Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոն
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»