«Հայապահպանութեան Գործին ՄԷջ Նշանակալի Աւանդի Համար» Համահայկական Ամէնամեայ Մրցանակբաշխութիւն 2015. Արդիւնքներու Ամփոփում Եւ Մրցանակներու Յանձնում

Հոկտեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական ամէնամեայ մրցանակբաշխութեան 2015թ. արդիւնքներու ամփոփման եւ մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը մրցանակաբաշխութիւնը կ’իրականացնէ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ համատեղ` 2010 թուականէն:

Ձեռնարկին մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՌՀՄ եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի փոխնախագահներ Վլատիմիր Աղայեան, Արամ Սարգսեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Լուսիկ Ղուկասեան, ՌՀՄ տարածաշրջանային բաժանմունքներու նախագահներ, մանկավարժներ, հիւրեր:

Ողջունելով մասնակիցները եւ բոլոր մրցանակակիրները` ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ այս տարի սահմանուած են նոր անուանակարգեր` «Հայկական աւանդական ընտանիք» եւ «Լաւագոյն գեղարուեստական խումբ»:

«Սփիւռքում մեծ ակտիւութեամբ են արձագանքել այս անուանակարգերին, եւ զգալի թուով յայտեր էինք ստացել: Սա նշանակում է, որ օտար երկրներում ապրող հայկական ընտանիքներում զաւակները հայ ինքնութեան գիտակցութեամբ են մեծանում», -նշեց նախարարը` ընդգծելով, որ 2015թ. աչքի ինկած են յատկապէս Սփիւռքի հայկական պարային համոյթներն ու երգչախումբերը, որոնցմէ շատերը իրենց լաւագոյն կերպով  դրսեւորած են «Իմ Հայաստան», «Երգում է Կոմիտասը» համահայկական փառատօններուն մէջ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առանձնապէս բարձր գնահատեց Սուրիոյ հայ համայնքէն ներս այս ծանր ժամանակաշրջանին ապրող եւ հայկական դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու դերն ու գործունէութիւնը: «Նրանք, վտանգի ենթարկելով սեփական կեանքը, ապրեցնում են Սիրիայում գործող շուրջ 20 կրթօճախները, հայ մանուկներին ուսուցանում հայերէն եւ հայոց պատմութիւն, մշակոյթ», – նշեց ան:

Նախարարը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան»   մետալով պարգեւատրեց սուրիահայ ուսուցիչներ Անահիտ Թեքմէճեանը եւ Էմմա Ազարիկեանը:

ՌՀՄ նախագահ Արա Աբրահամեանի ողջոյնի խօսքը ներկաներուն փոխանցեց ՌՀՄ փոխնախագահ Արամ Սարգսեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի մէջ գործող բոլոր կրթօճախներու նուիրեալ մանկավարժներուն եւ կրթական գործի կազմակերպիչներուն` Ա.Սարգսեան նշեց. «Մենք այսուհետ եւս պիտի շարունակենք աջակցիլ այս մրցանակաբաշխութեան կազմակերպման: Սփիւռքի նախարարութիւնը մեզի համար դարձած է հարազատ գործընկեր եւ յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ մենք կրնանք իրականութիւն դարձնել համատեղ իրականացուող բոլոր ծրագիրները»:

Այնուհետեւ մեկնարկեց մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը: 2015թ. անուանակարգերն էին.

«Մայրենիի պաշտպան»,

«Լաւագոյն հայկական համայնք»

«Հայկական աւանդական ընտանիք»

«Լաւագոյն գեղարուեստական խումբ»:

2015թ. սփիւռքահայ կազմակերպութիւններէն, հաստատութիւններէն եւ անհատներէն աշխարհի  23 երկրէ ստացուած էր 112 յայտ:

1-ին, 2-րդ կարգի մրցանակակիրներ դարձան 61 անհատ եւ կազմակերպութիւն, որոնցմէ  1-ին կարգի մրցանակ ստացաւ 13, 2-րդ կարգի մրցանակ` 48, 3-րդ կարգի խրախուսական մրցանակ` 51 մասնակից:

Բեմահարթակ հրաւիրուեցան ձեռնարկին ներկայ 15 մրցանակակիրները` Լիբանանէն, Չեխիայէն, Պուլկարիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Շուէտէն, Ռուսաստանի Դաշնութենէն,  Ուքրանիայէն,Վրաստանէն, որոնց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՌՀՄ փոխնախագահներ Վլատիմիր Աղայեան, Արամ Սարգսեան յանձնեցին տիպլոմները, մետալները եւ մրցանակներու վկայականները:

Մարիամ Կարապետեան (Պուլկարիա), Լուսինէ Մզիկեան (Վրաստան) եւ այլք շնորհակալութիւն յայտնեցին նախարարութեան ու առանձնապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպելու եւ այդ միջոցով հայկական համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան ոգին անընդհատ վառ պահելու համար: Անոնք նշեցին, որ միայն Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ամուր եռամիասնութեամբ հնարաւոր կ’ըլլայ դիմագրաւել մեր պետութեան եւ ժողովուրդին առջեւ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրները:

Տեսաուղերձով ձեռնարկի կազմակերպիչներուն իր շնորհակալական խօսքը  յայտնած էր Ռուսաստանի «Մասեաց աղաւնի» հայկական ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Վահան Վերմիշեան: Ան նշած էր, որ «Մայրենիի պաշտպան» մետալն իր ստացած բոլոր մրցանակներէն ամենաթանկագինն է, քանի որ անով գնահատուած են հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքները:

Ձեռնարկին աւարտին համերգային հատուածին մէջ հանդէս եկան տուտուկահար, միջազգային եւ հանրապետական մրցոյթներու դափնեկիրներ, Գուրգէն Դաբաղեանի սան Սերոբ Սարգսեան,  Ձայնի պահպանման դպրոցի «Երգող հրեշտակներ» մանկական խումբը եւ երգիչ Վլատիմիր Ահարոնեան:

 1 2 3 4 5 6 7 8

Scroll Up