Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց «Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոն» ՀԿ-ի Նախագահ Լենա Հալաճեանը

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախագահ Լենա Հալաճեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ համագործակցութեան, 5 տարի անընդմէջ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու ընդելուզման, անոնց հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ  համատեղ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:

Նախարարը Լենա Հալաճեանին յանձնեց ՀՀ ազգային ժողովի նախագահի յուշամետալը, որուն սուրիահայ հասարակական գործիչը արժանացած է Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու ընդելուզման գործընթացին ցուցաբերած մեծ ջանքերուն, իրականացուցած բազմաթիւ բարեսիրական, մարդասիրական, ընկերային, մշակութային եւ այլ ծրագիրներու, սկզբունքային հետեւողական իրականացման եւ նուիրումին համար:

Շնորհաւորելով բարձր պարգեւի համար` նախարարը նշեց, որ Լենա Հալաճեան, մինչ Հայրենիք տեղափոխուիլը եղած է Սփիւռքի նախարարի խորհրդականը Հալէպի մէջ, աշխոյժ գործունէութիւն իրագործած համայնքին մէջ: «Ինձ հիացմունք է պատճառում տիկին Լենայի մարդկային նկարագիրը, չորս որդիների մայրը կարողանում է իր ժամանակի մեծ մասը տրամադրել դժուար կացութեան, ծանր հոգեվիճակի մէջ յայտնուած իր հայրենակիցներին` ամոքել նրանց ցաւը, լուծել նրանց խնդիրները` իր կառոյցում ստեղծելով ջերմ ու հարազատ միջավայր: Շուրջ ինը տասնեակ տարաբնոյթ ծրագրեր է իրականացրել «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոնը» Լենա Հալաճեանի գլխաւորութեամբ, բոլորը պատշաճ մակարդակով, բարեխղճօրէն, որովհետեւ ոչ ոք այնքան մօտիկից ու խորը չի ճանաչում ու հասկանում սիրիահային, ինչպէս նա: Առաւել զարմանալի ու հիացմունքի է արժանի տիկին Լենայի    համագործակցութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի, միջազգային, համահայկական կառոյցների ներկայացուցիչների հետ, եւ, որ ամենակարեւորն է` այն առանձնայատուկ սէրն ու կապուածութիւնը  Հայրենիքին, որ Լենա Հալաճեանը փոխանցում է բոլոր Սիրիահայերին»,- աւելցուց Սփիւռքի նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւի համար` Լենա Հալաճեան ըսաւ.    «Ես աւարտած եմ Հալէպի Արուեստի եւ հումանիտար գիտութիւններու պետական համալսարանը, ուսանած եմ Լոս Անճելըսի Pierce քոլեջի լրագրութեան բաժինին մէջ, համայնքային կառոյցներու մէջ զբաղեցուցած եմ տարբեր պաշտօններ, սակայն Սփիւռքի նախարարութեան, մասնաւորապէս նախարարին հետ համագործակցութեան հինգ տարիները ինծի համար իւրայատուկ դպրոց էին, որ  տուին ինծի մեծ փորձ ու հմտութիւններ:

Կը կարծեմ, կարեւորը գործն է, ծանր կացութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն օգնելու, ձեռք մեկնելու եւ անոնց հոգերը թեթեւցնելուն ուղղուած մեր առաքելութիւնը, սակայն, ինչ խօսք, հաճելի է նաեւ գնահատուած ըլլալը, շնորհակալ եմ, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահին` մեր աշխատանքը գնահատելու համար: Այս պարգեւը կը պարտաւորեցնէ առաւել մեծ ջանքեր գործադրելու Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ընդելուզման գործընթացին մէջ»:

 

Scroll Up