Հայաստան Դրախտավայր Է, Եկէք, Միացէք Մեզ. Հայէպահայ Գրող Նուշիկ Միքայէլեան

Գրող, «Հալէպահայե՛ր, մեզի բացակայ չդնէ՛ք» նախաձեռնութեան անդամ Նուշիկ Միքայէլեան Հալէպէն է, տեղափոխուած  ԱՄՆ եւ 90-ականներուն վերջնականապէս հաստատուած Հայաստան: Հալէպի մէջ ունի հարազատներ, շփում ունի հալէպահայերու հետ ու կը հաստատէ.

«Հալէպի մէջ  զանգուած մը կայ, որ որեւէ գնով Հալէպէն դուրս գալ չուզեր: Չեն ուզեր եւ ունին իրենց պատճառները»:

Այսօր հալէպահայերուն վերաբերող քննարկման ժամանակ տիկին Նուշիկը ըսաւ, թէ նկատած է` Հայաստանէն դուրս սփիւռքահայերը հայաստանեան կեանքով չեն ապրիր, անոնց կարծես չի հետաքրքրեր ատիկա, ունին իրենց կեանքը: Մինչդեռ, անոր կարծիքով, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու դարաշրջանին դուրսը ապրող հայերը պէտք է իմանան, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, «ապրին Հայաստանի կեանքով»:

«Ես չեմ գիտեր, թէ ինչու, տարիներով սփիւռքահայերը այդպէս  պատկերացուցած են, որ եթէ իրենք այստեղ չեն ապրիր, հայրենիքը պէտք է մնայ որպէս վերացական գաղափար: Եւ սփիւռքահայերը հայաստանցիներուն հետ պիտի կարենան մեր պետութեան բարօրութեան համար իրենց ջանքերը հաւասար ներդնել` ով կրնայ   գալ, գալով, ով չի կրնար, մնալով», -ըստ Panorama.am-ի` նշեց Նուշիկ Միքայէլեան:

Անոր խօսքով, շատերը  զարմացած են, երբ իմացած են, որ ինք ԱՄՆ-էն եկած է, հաստատուած Հայաստանի մէջ ու այդ մասին հարցերը ան «ահաւոր» կը համարէ: «Հայաստան կու գանք, որովհետեւ մերն է», -նկատեց ան:

Հրապարակախօսը նաեւ Հայաստան գալու եւ հաստատուելու կոչ ըրաւ սուրիահայերուն. «Եթէ Հայաստան չըլլար ոեւէ սփիւռքահայու կեանքը քանի՞ կոպեկի գին կ’ունենար: Եկէք փայփայենք Հայաստանը: Թերեւս մեր պետութիւնը շատ թերութիւններ ունի, բայց պէտք է հասկնանք, որ այդ թերութիւնները միայն ներսը ապրողը պիտի չլուծէ, այլ պիտի գաք, պիտի միանաք մեզ, որպէսզի կարենանք միասին լուծենք մեր պետութեան առջեւ ծառացած խնդիրները: Կոչ կ’ընեմ հալէպահայերուն Հայաստանէն մի վախնաք: Շատերը կը կարծեն, թէ դրախտավայրը այն երկիրն է, որ «կրին քարտ» կու տայ, բայց ես կը պնդեմ` դրախտավայրը Հայաստանն է»:

 

Scroll Up