Սփիւռքի Նախարարութիւնը Ամէն Ինչ Կ’ընէ Սուրիահայերուն Աջակցելու Համար. Սուրիահայ Դեղագէտ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/սիրիահայ2.jpg)
Սուրիահայ Սայիտ Թարըք կնոջ եւ երկու տղաներուն հետ 2012 թուականին Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած է: Մասնագիտութեամբ դեղագէտ է, կրթութիւն ստացած է Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ, որ աւարտած է 2001 թուականին:
Հաստատուելով հայրենիքի մէջ` այժմ Մուրացանի մանկական հիւանդանոցի դեղատան մէջ կ’աշխատի, շատ գոհ է աշխատանքային ընկերներէն, որոնց հետ հասցուցած է բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու:
Հայաստանեան հասարակութեան ընդելուզուելու եւ ծանօթութիւններ հաստատելու հարցով ամուսինները խնդիրներ չեն ունեցած, քանի որ բոլորին կողմէ ջերմ ընդունելութեան արժանացած են: Եթէ հանգամանքներու բերումով, այնուամէնայնիւ, խոչընդոտներու հանդիպած են, ատոնք ժպիտով յաղթահարած են` մտածելով, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ:
Խօսելով տղաներուն մասին` «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին դեղագէտը նշեց, որ անոնք միանգամէն ընտելացած են հայաստանեան կեանքին, շատ լաւ կը զգան այստեղ եւ ամէն առտու բարձր տրամադրութեամբ դպրոց կ’երթան:
Երեխաներու կապուածութիւնը Հայաստանին Սայիտին մտածելու տեղի տուած է: Կը կարծէ` սուրիական ճգնաժամի աւարտէն ետք այլեւս չեն վերադառնար Սուրիա:
Սայիտ պատմեց, որ Հայաստան հաստատուելէ ետք ինքն ու փոքր տղան առողջական խնդիրներ ունեցած են, որոնց ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը արագ լուծում տուած է:
«ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ամէն ինչ կ’ընէ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն մօտ ծագած սոցիալական, իրաւաբանական, առողջապահական եւ միւս հարցերը կարգաւորելու համար: Մեր ընտանիքը նախարարութեան կողմէ միշտ սրտցաւ վերաբերմունքի արժանացած է:
Հայաստան գալէ քանի մը օր ետք չորս տարեկան տղաս Քասքատի շարժասանդուխէն ինկաւ եւ ոտքը վնասեց: Դիմելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն` մեր խնդրին անմիջապէս լուծում տուին եւ կազմակերպեցին տղուս բուժումը: Մինչեւ տղուս ապաքինուիլը` նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան մշտական կապի մէջ կը գտնուէր մեզի հետ: Իսկ երբ մօտս կոնքազդրային յօդի ուռուցք յայտնաբերուեցաւ, օգնութեան խնդրանքով անգամ մը եւս դիմեցինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն, եւ արձագանքը չուշացաւ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անձամբ հետամուտ եղաւ, որպէսզի ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան միջոցով իրականացուի վիրահատումն ու փրոթեզաւորումը:
«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի տնօրէն Լենա Հալաճեան նոյնպէս մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է եւ նեցուկ եղած, որպէսզի շուտ առողջանամ»,-ըսաւ Սայիտ` աւելցնելով, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներէն Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը տեղեկատուական մեծ աջակցութիւն կը ստանան, թէ որ կազմակերպութիւններուն դիմեն` մարդասիրական օժանդակութիւն ձեռք բերելու նպատակով:
Գէորգ Չիչեան