ԱՄՆ Տէնվըր Քաղաքը Ճանչցած է Արցախի Անկախութիւնը

ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգի Տէնվըր քաղաքի քաղաքապետ Մայքլ Հենքոք 2016 Սեպտեմբեր 21-ը պաշտօնապէս ճանչցած է իբրեւ «Հայկական Անկախութեան օր»` հայկական երկու պետութիւններու` Հայաստանի եւ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն) համար: Այս մասին տեղեկացուցած են Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբէն:

Հայ Դատի ԱՄՆ Արեւմտեան ափի յանձնախումբի ղեկավար Էլեն Ասատրեան ողջունած է Տէնվըրի քաղաքապետին որոշումը` ընդգծելով, որ Արցախի ճանաչումով` ան բարձրացուցած է իրազեկութիւնը մարդու իրաւունքներու խնդիրներուն, մասնաւորապէս՝ կապուած Ատրպէյճանի կողմէն 2016 Ապրիլին հակահայկական յանցագործութիւններու իրականացման հետ:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հենքոքի վարչակազմին՝ մարդու համընդհանուր իրաւունքներուն աջակցելու, որոնց մէջ եւ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու, ինչպէս նաեւ շարունակական պայքարին համար, որ ուղղուած է պահպանելու քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ պաշտպանելու ազատատենչ հայ բնակչութիւնը այն բանակէն, որ կ՝ոչնչացնէ միջնադարեան յուշարձանները եւ կը  տանջէ քաղաքացիներն ու զինուորները»,- նշած է Ասատրեան:

Տէնվըրի քաղաքապետին ստորագրած հռչակագիրին մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Տէնվըրը օրրանն է հազարաւոր աշխատասէր ու հայրենանուէր հայերու, որոնք հաստատուած են տասնամեակներ առաջ: 2016-ին հայկական երկու պետութիւնները` Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը) կը տօնեն անկախութեան հռչակման 25- ամեակը: Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ պայքարը` յանուն հայկական ինքնութեան պահպանման, սեփական սահմանները պատերազմական յանցագործութիւններէն զերծ պահելուն: Տէնվըրը կը շնորհաւորէ հայկական համայնքը` սեփական ժառանգութեան հաւատարիմ մնալու յանձնառութեան, հայրենիքին նուիրուածութեան, չնայած մարտահրաւէրներուն` ժողովուրդին ծառայելու մղումներուն համար»:

Scroll Up