Հալէպի Վէրքը Կը Շարունակէ Կոտտալ

Սուր­իա 6-րդ տա­րին ըլ­լա­լով կ՛են­թարկ­ուի ար­տա­քին ու­ժե­րու կող­մէ ուղ­ղորդ­ուած ահա­բեկ­չա­կան պա­տե­րազ­մի: Այս պա­տե­րազ­մի ամէ­նէն սոս­կա­լի բա­ժի­նը շուրջ 4 տա­րի է ի վեր տե­ղի կ՛ու­նե­նայ Հա­լէ­պի մէջ:

Հա­լէ­պը ոչ միայն իր աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քով եւ տն­տե­սա­կան ազ­դու գոր­ծօն ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով կը տար­բե­րի Սուր­իոյ մնաց­եալ նա­հանգ­նե­րէն, այ­լեւ` բնակ­չու­թեան գու­նեղ պատ­կե­րով: Հա­լէ­պի մէջ, հա­մե­մա­տած Սուր­իոյ այլ նա­հանգ­նե­րու,  հայ հա­մայն­քը ու­նէր եւ տա­կա­ւին ու­նի մե­ծա­գոյն ներ­կա­յու­թիւնը:

Ցաւ ի  սիրտ Հա­լէ­պը կրեց ու կը շա­րու­նա­կէ կրել ահա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու դա­ժա­նա­գոյն հե­տե­ւանք­նե­րը: Ու ինչ­պէս Հա­լէ­պի խա­ղաղ ողջ ժո­ղո­վուր­դը, նոյն­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը, որ­պէս կա­րե­ւոր մէկ մաս­նի­կը այդ  ժո­ղո­վուր­դին, ահա­բեկ­չու­թեան կ՛են­թարկ­ուի` տա­լով զո­հեր, նա­հա­տակ­ներ, վի­րա­ւոր­ներ, կրե­լով նիւ­թա­կան ծանր վնաս­ներ, ապ­րե­լով հո­գե­կան ծանր, եր­բեմն անմ­խի­թար պա­հեր, դէմ յան­դի­ման յայտն­ուե­լով կեն­ցա­ղա­յին ու ապա­հո­վա­կան բա­զում դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու: Այլ խօս­քով` հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը, ինչ­պէս Հա­լէ­պի ողջ ժո­ղո­վուր­դը, ահա­բեկ­չու­թեան ալի­քին դէմ գո­յու­թե­նա­կան պայ­քար կը մղէ:

Վեր­ջին շր­ջա­նին, երբ հո­րի­զո­նի վրայ երե­ւիլ սկ­սան սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պին լուծ­ման առն­չուող յոյ­սի նշոյլ­ներ, ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­ներ եւ անոնց մինչ օրս զօ­րակ­ցող պե­տու­թիւն­ներ իրենց նեղ հա­շիւ­նե­րէն թե­լադր­ուած սա­տա­րե­ցին Հա­լէ­պի մէջ ահա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու մագլ­ցու­մին: Այդ մագլ­ցու­մը ետ մղե­լու, Հա­լէ­պի տար­բեր շր­ջան­ներ զին­եալ ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րէն ազա­տագ­րե­լու սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի իւ­րա­քան­չիւր յա­ռաջ­խա­ղաց­քին դէմ անոնք թի­րախ դար­ձու­ցին պե­տու­թեան հա­կակշ­ռին տակ գտ­նուող շր­ջան­նե­րու խա­ղաղ բնակ­չու­թիւնը` քա­ո­սա­յին վի­ճակ ստեղ­ծե­լու եւ ժո­ղո­վուր­դը խու­ճա­պի մատ­նե­լու յս­տակ նպա­տա­կով:

Ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րու մեր­ձա­կայքը գտ­նուող հա­յաբ­նակ կարգ մը թա­ղա­մա­սեր առա­ւել վնաս­ներ կրե­ցին: Հա­մայն­քը անց­նող օրե­րուն տուաւ 7 զոհ, աւե­լի քան 13 վի­րա­ւոր:

Ինչ­պէս տագ­նա­պի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, նոյն­պէս տագ­նա­պի մագլ­ցու­մի վեր­ջին օրե­րուն, Սուր­իոյ պե­տու­թեան հա­կակշ­ռին տակ ապ­րող հա­լէ­պաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դը ազատ էր Սուր­իոյ մէջ թէ Սուր­իա­յէն դուրս իր տե­ղա­շար­ժին մէջ:

Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան որո­շա­կի հա­մե­մա­տու­թիւն մը  ապա­հո­վա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով երկ­րէն դուրս գա­լու կամ երկ­րին մէջ առա­ւել ապա­հով նա­հանգ­ներ տե­ղա­փոխ­ուե­լու տար­բե­րա­կին դի­մեց ու կը շա­րու­նա­կէ դի­մել:

Տագ­նա­պի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան հա­լէ­պա­հայ երեք յա­րան­ուա­նու­թիւն­նե­րէն ներս տրա­մադ­րե­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով քա­ղա­քին մէջ մնա­լու, թէ երկ­րէն դուրս գա­լու մի­ջոց­ներ կը հայ­թայթ­ուին հա­լէ­պա­հա­յու­թեան, իսկ մեկ­նող­նե­րուն մշ­տա­պէս կը յոր­դոր­ուի ուղղ­ուիլ Հա­յաս­տան:

Մեկ­նի­լը սա­կայն առ­ժամ­եայ լու­ծում կը հան­դի­սա­նայ շա­տե­րուն հա­մար, երբ մա­նա­ւանդ անոնք իրենց ապ­րուստն ու կա­յուն կեան­քը ապա­հո­վե­լու բա­զում դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու կը հան­դի­պին եւ տրա­մադրը­ւած օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը ան­բա­ւա­րար կը մնան:

Հա­լէ­պի մէջ կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ հա­մայն­քի նկա­տա­ռե­լի մէկ հա­մե­մա­տու­թիւնը, որուն նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նի­լը աւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է յատ­կա­պէս այս ծանր օրե­րուն:

Ճգ­նա­ժա­մա­յին այս­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ մա­մու­լի էջե­րուն մէջ հն­չող գա­ղու­թի պահ­պան­ման ճի­գե­րը, ազ­գա­յին կալ­ուած­նե­րու գո­յութ­եան կամ նեղ շա­հե­րու վե­րագ­րող կարգ մը ան­պա­տաս­խա­նա­տու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը խոր­քա­յին ոչ մէկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին: Մեկ­նե­լու որո­շու­մը իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նիք իր սե­փա­կան պայ­ման­նե­րու եւ ապա­հո­վա­կան վի­ճա­կի թե­լադ­րան­քով է որ կը կա­տա­րէ, իսկ մնա­ցող­նե­րուն հնա­րա­ւո­ր սահմաններու մէջ օգ­նել, զօ­րակ­ցիլ պէտք է:

Այ­սօր աղէ­տա­հար Հա­լէ­պին մէջ կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծել ազ­գա­յին, յա­րան­ուա­նա­կան եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը` ճգ­նա­ժա­մա­յին պայ­ման­նե­րու յար­մա­րեց­ման բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով:

Պա­տե­րազ­մա­կան այս քա­ո­սին մէջ, տի­րող իրա­վի­ճա­կի բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն կամ հա­մայն­քի գո­յա­տեւ­ման մա­քա­ռում­նե­րուն եր­բեմն ան­գի­տակ զանգ­ուա­ծա­յին կարգ մը լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ մի­անը­շա­նակ պա­տաս­խան­ներ չու­նե­ցող հար­ցում­նե­րու տա­րա­փով, ժո­ղո­վուր­դը խու­ճա­պի մատ­նող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, իրենց ու­ղեն­շա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը պահ մը մոռ­նա­լով շփո­թան­քի, խու­ճա­պի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու սր­ման կը նպաս­տեն:

Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւնը ուղ­ղոր­դե­լու, մի­ա­ժա­մա­նակ սուր­ի­ա­հայ գո­յա­տե­ւող հա­մայն­քին տէր կանգ­նե­լու հրա­մա­յա­կան­նե­րը հա­մա­հայ­կա­կան մեր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը լա­րե­լու ահազան­գը հն­չե­ցու­ցած են ար­դէն:

«Գ

Scroll Up